2024.06.12 Sua Santità Aram I

«Ֆրանչիսկոս Պապը Եկեղեցին վերանորոգելու ձգտող որոշումներով նոր էջ մը բացաւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ. Արամ Ա

Վեհափառ Հայրապետը իր նամակին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Ֆրանսիս Պապին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն քաջ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

 Վատիկանի պետական քարտուղարին ուղղած նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնելէ ետք Ֆրանսիս Պապին վախճանման առիթով՝ նշեց, որ եկեղեցին վերանորոգելու առաջնորդող շարք մը յանդուգն քայլերով ան նոր էջ մը բացաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան մէջ։ Վախճանեալ Պապը շեշտեց միջ-եկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը, եղաւ զօրակից անարդարութեան զոհ ժողովուրդներուն՝ պաշտպանելով արդարութիւնը եւ ընկերային ծառայութիւնը նկատեց եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը։ Արդարեւ, ան իր օրինակելի համեստութեամբ ու պարզութեամբ եղաւ «ժողովուրդի՛ն Պապը»։

Վեհափառ Հայրապետը իր նամակին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Ֆրանսիս Պապին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն քաջ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2025, 10:42