Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յայտարարութիւնը ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց․․․
Հայ ծէսի վաղեմի աւանդութեան համաձայն՝ Ս․ Յարութեան յաջորդող օրը նուիրուած է մեր «սիրելի ննջեցեալներու յիշատակին»։
Այսօր, Երկուշաբթի՝ 21 Ապրիլ 2025, ճիշտ «Մեռելոց օրը», առաւօտեան ժամերուն՝ իր Յարուցեալ Քրիստոսի եւ Անոր քնքուշ Մօրը Ս․ Աստուածածնի քով բարձրացաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մեր հասարակաց Հայրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
Որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի բոլորնիս մէկ պիտի բարձրացնենք մեր աղօթքները Բարձրեալ Աստուծոյ որ Իր մեծ Ողորմութեամբ եւ Սիրով գրկաբաց ընդունի Իր սիրելի Ծառան՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։
Ուստի, Ն․Ա․Գ․Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ Կաթողիկոս Պատրիարքի Հայրապետական յորդորն ու փափաքն է որ համայն Հայ Կաթողիկէ Կղերն ու Հաւատացեալները, բացի իրենց անհատական աղօթքներէն՝ կատարեն նաեւ միասնաբար, որքան հնարաւոր է «Հոգեհանգստեան Պաշտօն մը» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հոգւոյն համար, ինչպէս նաեւ վաղը, Երեքշաբթի՝ 22 Ապրիլ 2025-ին մատուցանեն «Աստուածային Ս․ Պատարագ մը իր հոգւոյն դիտաւորութեան համար»։
Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքն է որ «Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի» Կղերն ու Հաւատացեալները, իրենց Հաստատութիւններէն եւ Ժողովրդապետութիւններէն ներս՝ բարեհաճին «Հոգեհանգստեան Պաշտօնը մատուցանել Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հոգւոյն» համար այսօր, 21 Ապրիլ 2025-ին՝ երեկոյեան ժամը 17-ին․ իսկ վաղը՝ Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին՝ «Ս․ Պատարագը մատուցանեն ննջեցեալ Հովուապետին» դիտաւորութեան համար։
«Ազնիւ ծառայ, բարի եւ հաւատարիմ․ մուտ յուրախութիւն Տեառն Քոյ» (հմմտ․Մտթ․ ԻԵ, 23)։
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Պէյրութ, 21 Ապրիլ 2025
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ