2020.04.28 Monsignor Georges Zabarian

Ապրիլ Յարուցեալ Քրիստոսի Քայլերով - Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Ի հեճուկս հայ ազգին դիմագրաւած յուսախաբութիւններուն, վհատութիւններուն, վիշտերուն եւ տառապանքներուն, գիտենք՝ որ մահուան սարսափելի խայթոցը նոյնիսկ, չի՛ կրնար կասեցնել մեր համոզումը, թէ կեանքը պէտք է շարունակուի Աստուծոյ սահմանած ժամանակին համաձայն: Մենք եւս, մեր սուրբ նահատակներուն կրնանք ուղղել հետեւեալ իմաստազեղ խօսքերը, որ Պօղոս Առաքեալ կտակած է. «Դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ ապրիք այ՛ն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի» (Կողոսացիներ 3, 3):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յիսուսի գերահրաշ Յարութեան Խորհուրդը հիմն է մեր քրիստոնէական հաւատքին:

Հաւատքի այդ հիմը, որուն վրայ կերպաւորեցինք մեր հասկացողութիւնը կեանքի մասին իբրեւ պատրաստութիւն մահուան, ո՛չ որպէս վերջնակէտ, այլ՝ որպէս դռնանցք: Դռնանցք մը կեանքի մէկ ոլորտէն միւսը, ուր մեր նոր փորձառութիւնը կախում պիտի ունենայ մեր ապրելաոճէն այս աշխարհի վրայ:

Զատիկի Աստուածահրաշ իրողութիւնը մեզի գիտակցիլ կու տայ, որ մահով մեր կեանքը չ՛անհետանար, այլ՝ կը փոխուի:

Կ՛ինքնագիտակցինք նաեւ, թէ անոնք, որ «մարմինը կը սպաննեն չեն կրնար հոգին սպաննել» (Մատթէոս 10, 28):

Յարութիւնը իբրեւ յուսադրիչ իրադարձութիւն լոյս կը ճառագայթէ Յիսուսի կեանքին ու մահուան գերագոյն նպատակին վրայ, ու կը նկրտի իւրաքանչիւրիս պատեհութիւնն ընծայել, որպէսզի բոլորս լիովին մասնակցինք Յարուցեալի անմահական կեանքին:

Հետեւաբար, մահը կը դառնայ նախապայման վերածնունդի:

Եթէ Յիսուսի մահը անհրաժեշտ էր յարութիւն առնելու համար, նոյնպէս ալ մահը անհրաժեշտ է մեզի համար, եթէ կ'ուզենք հասնիլ այն կէտնպատակին, որուն համար ստեղծուած ենք:

Զատկական Խորհուրդի կորիզը կը համապատասխանէ մեր պարագային, երբ Ապրիլ ամսոյն Հայոց Ցեղասպանութեան համայնապատկերը կը ստուերանկարուի հորիզոնին վրայ:

-Մինչ կը շարունակենք խորհիլ Մեծ Եղեռնի տմարդի իրողութեան վրայ,

-Մինչ կը հետապնդենք մեր պահանջատիրութիւնը,

-Մինչ չենք դադրիր պանծացնելէ մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակները,

-Մինչ կը հաստատենք մեր նուիրական պարտականութիւնը նոր սերունդներուն փոխանցելու մեր դատը,

-Մինչ կը ծրագրենք լաւագոյն ապագայ մը ջամբել մեր զաւակներուն՝

Յիսուսի Յարութիւնը լուսաւոր եւ խրախուսիչ պատգամ մը կը հաղորդէ մեզմէ իւրաքանչիւրին:

Վերարծարծելով խնկելի յիշատակը մեր սուրբ Նահատակներուն, Յարութեան իրականութիւնը մեզ կը գօտեպնդէ վերանորոգելու մեր բուռն համոզումը, թէ մարդկային գոյութիւնը արդէն ինքիր մէջ կը բովանդակէ ու կ՛ընդգրկէ նոր կեանքի եւ նոր յոյսի սերմեր:

Եւ այս նոր կեանքի եւ նոր յոյսի շնորհիւ է, որ մենք եւս կրնանք հաղորդ ըլլալ մահուան դէմ տարած Յիսուսի յաղթանակին, եւ յոյս ունենալ լաւագոյն ապագայ մը վայելել, չնայած այնքան չարութեան առկայութեան աշխարհի մէջ:

Ի հեճուկս հայ ազգին դիմագրաւած յուսախաբութիւններուն, վհատութիւններուն, վիշտերուն եւ տառապանքներուն, գիտենք՝ որ մահուան սարսափելի խայթոցը նոյնիսկ, չի՛ կրնար կասեցնել մեր համոզումը, թէ կեանքը պէտք է շարունակուի Աստուծոյ սահմանած ժամանակին համաձայն:

Մենք եւս, մեր սուրբ նահատակներուն կրնանք ուղղել հետեւեալ իմաստազեղ խօսքերը, որ Պօղոս Առաքեալ կտակած է. «Դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ ապրիք այ՛ն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի» (Կողոսացիներ 3, 3):

Հոգւոյ անմահութեան վարդապետութենէ բխող այս համոզումը՝ մեզի պիտի օգնէ մարդկային մահը իբրեւ պատրանք նկատել. որովհետեւ, Յիսուսի ուսուցումին համաձայն, ի վերջոյ մահը պիտի յաղթահարուի՝ մեղքի նուաճումի միջոցով: Այս նոյն համոզումը մեզ կը մղէ պատրաստ ըլլալ ներելու, առանց սակայն դադրելու արդարութիւն պահանջելէ, զի՝

Ներումը չի՛ փոխարիներ արդարութիւնը:

Ներել՝ Քրիստոսի նման, «որովհետեւ չեն գիտեր ինչ կ՛ընեն» (Ղուկաս 23, 33- 34), ապրելու ապա,

Յարուցեալին Խորհուրդը՝ Աստուածաշնորհ կեանքով:

 

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2025, 08:00