Մոգերը հեթանոսներու միջեւ առաջին հաւատացեալներն են. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հակառակ` որ Սրբազան Պապը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց խնամելու համար երկկողմանի թոքաբորբը եւ հակառակ որ այս պատճառաւ չեղեալ նկատուեցաւ նաեւ անոր այսօր նախատեսուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որոշուեցաւ ամենայնդէպս հրատարակել ունկնդրութեան առիթով պատրաստուած խորհրդաւորութիւնը, որ ինչպէս այս Սուրբ Տարուայ առիթով առաջարկուած խորհրդածութիւնները նուիրուած էր «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին ու այս անգամ եւս կեդրոնացած էր Յիսուսի մանկութեան դրուագներուն վրայ, յատկապէս Մոգերուն նորածին թագաւորին տուած այցին վրայ` զոր պատմած է Մատթէոս Աւետարանիչը։
Մոգերու այցելութիւնը կը ներկայացնէ կարեւոր հանգրուան մը` մանուկ դարձած Աստուծոյ ու աշխարհի միջեւ հանդիպումին։ Մոգերը հրապուրուած աստղէ մը, արեւելքէն կը մեկնին մեծարելու համար Հրեաներու նորածին թագաւորը։ Անոնք արդարեւ կը ներկայացնեն օտարականները, տարբեր ցեղեր, ցամաքամասերը ու կեանքի տարբեր փուլերը` եւ վստահութեամբ եւ բացուածքով կը շարժին դէպի անյայտը։
«Այսպիսով Աւետարանները մեզի կ՛ըսեն թէ աղքատներն ու օտարները հրաւիրուած են` որպէս առաջիններ, հանդիպելու համար աշխարհի Փրկիչին հետ» կը կարդանք Սրբազան Պապին խորհրդածութեան մէջ, ուր ապա նշուած է թէ ինչպէս Մոգերը նախ Երուսաղէմ կ՛երթան ու կը հանդիպին Հերովդէս Թագաւորին հետ, որ մտահոգուած իր իսկ իշխանութեան ճակատագիրով տեղեկութիւններ կ՜ուզէ ունենալ Մեսիայի ծննդեան վայրին վերաբերեալ։
«Հերովդէս այս մէկը կը հարցնէ դպիրներուն ու անոնք թէեւ յստակ գիտէին վայրը ուր պիտի ծնէր Մեսիան, ուրիշներուն ցոյց կու տան ճանապարհը, բայց իրենք կը մնան անշարժ։ Արդարեւ բաւարար չէ մարգարէական գրութիւնները իմանալ աստուածային լարերու հետ կապուելու համար, այլ պէտք է թոյլ տանք, որ խորամուխ ըլլանք և թոյլ տանք, որ Աստուծոյ խօսքը վերակենդանացնէ հետազօտութեան տենչը, բորբոքէ Աստուած տեսնելու ցանկութիւնը» կը նշէ Սրբազան Պապը:
Մոգերը ապա առաջնորդուած աստղէն կը հասնին Բեթղեհէմ ու կը գտնեն Յիսուսը եւ շատ կ՛ուրախանան։ Եւ «Մանուկը տեսնելով իսկոյն ծունկի կու գան ու կը խոնարհին անոր առջեւ, անոր նուիրելով իրենց գանձերը, ու զայն ճանչնալով իր աստուածութեամբ։ Այսպիսով անոնք կը դառնան հեթանոսներու միջեւ առաջին հաւատացեալները։ Անոնք տիպարն են տիեզերական Եկեղեցւոյ, կը հաստատէ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը։
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք ալ մենք մեզ դնենք Մոգերու դպրոցին մէջ, այս «յոյսի ուխտաւորները», որոնք մեծ քաջութեամբ իրենց քայլերը, սրտերը ու բարիքները մղեցին դէպի Անոր` որ յոյսն է , ոչ միայն Իսրայէլին այլ համայն մարդկութեան։ Սորվինք անոնցմէ պաշտել Աստուած իր փոքրութեան մէջ, իր թագաւորութեան մէջ, որ չի ճնշեր այլ մեզ ազատ կը դարձնէ ու կը դարձնէ կարող ծառայելու արժանապատւութեամբ։ Ապա Անոր նուիրենք ամենագեղեցիկ նուէրները, արտայայտելու համար մեր հաւատքը ու մեր սէրը» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 19 Փետրուար 2025ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով պատրաստած խորհրդածութեան եզրափակիչ յորդորը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ