Հայցենք շնորհքը` գիտնալ սպասելու Տիրոջ խոստումներուն կատարումը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր` 5 Փետրուար 2025ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, ի ներկայութեան հազարաւոր ուխտաւորներու։
Ունկնդրութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ներողութիւն հայցեց ներկաներէն որովհետեւ «հարբուխի պատճառաւ դժուար պիտի ըլլայ ինծի կարդալ խորհրդածութիւնը» ըսաւ Ան հրաւիրելով Հայր Փիերլուճի Ճիրոլին որ ինք կարդայ խորհրդածութիւնը։ «Ան ինձմէ լաւ պիտի կարդայ զայն» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը։
Խորհրդածութիւնը կեդրոնացած էր «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» նիւթին վրայ «Տիրամօր Եղիսաբեթին տուած այցելութեան խորհուրդին ներքոյ»։
Սուրբ Կոյս Մարիամին այցելութիւնը Սրբուհի Եղիսաբեթին
«Սուրբ Կոյս Մարիամը այցելութիւն տուաւ Սրբուհի Եղիսաբեթին բայց ամէնէ առաջ Յիսուսն է` որ իր մօր արգանդին մէջ, կ՛այցելէ իր ժողովուրդին (Հմմտ. Ղուկ. 1,68), ինչպէս կ՛ըսէ Զաքարեան իր օրհնաբանական օրհներգին մէջ» նշուած է խորհրդածութեան մէջ ապա ակնարկուած թէ ինչպէս Մարիամ Հրեշտակին իրեն տուած աւետումէն ետքը «ճամբայ կ՛ելլէ», այնպէս ինչպէս բոլոր անոնք` որոնք կոչուած են Աստուածաշունչին մէջ...։
«Այս երիտասարդ աղջիկը փոխանակ պաշտպանուելու աշխարհէն կ՛երթայ հանդիպելու միւսներուն» նկատել կու տայ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան մէջ աւելցնելով, որ «երբ մենք մեզ կը զգանք սիրուած կը փորձարկենք ուժ մը` որ շրջանառութեան մէջ կը դնէ սէրը, ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ, կը մղէ, կը շարժէ»։
Սիրոյ մղիչ ուժը
Մարիամն ալ կը զգայ սիրոյ մղիչ ուժը եւ կ՛երթայ օգնելու իր զարմուհիին, որ երկար ժամանակ ետքը, յառաջացած տարիքին յղի մնացած էր...Սուրբ Կոյսը անոր մօտ կ՛երթայ նաեւ անոր հետ կիսելու համար անկարելիի Աստուծոյն մէջ հաւատքը ու նաեւ յոյսը` անոր խոստումներու իրականացումին մէջ։
Երկու այդ կիներուն միջեւ հանդիպումը զարմանալի ազդեցութիւն կը թողու. Եղիսաբեթ Մարիամին բարեւը լսելով, մանուկը կը խայտայ անոր որովայնին մէջ եւ Սուրբ Հոգիով լեցուելով բարձրաձայն կը կոչէ «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը»… ապա կ՛աւելցնէ երանութիւն մը « Երանի՜ անոր որ հաւատացած է, քանզի պիտի կատարուին այն բաները, որոնք Տիրոջմէն ըսուեցան իրեն» (Ղուկ. 1,42 եւ 45)։
«Մարիամ այս իրականութեան դիմաց չի խօսիր ինքնիր մասին, այլ Աստուծոյ մասին անոր բարձրացնելով հաւատքով, յոյսով եւ ուրախութեամբ լի փառաբանութիւն մը. «Մեծացուսցէն» (Ղուկ 1,46-55)»։
Իսրայէլի աղօթքին իրականացումը
«Փրկիչ Աստուծոյն ուղղուած այս փառաբանութիւնը, որ կը բխի Աստուծոյ խոնարհ աղախինի սրտէն, հանդիսաւոր յիշատակութիւն է, որ կ՛ամփոփէ և կ՛իրականացնէ Իսրայէլի աղօթքը», որուն մէջ «Մարիամ համահունչ հայրերու հետ՝ կը վեհացնէ Աստուծոյ կարեկցանքը խոնարհներու նկատմամբ, այն փոքրիկներուն, զոր Յիսուս իր քարոզութեան ժամանակ «երանելի» կը հռչակէ (տե՛ս Մատթ 5։1–12)։
«Տէրը` որ հպեցաւ իր փոքրիկ Մարիամին վրայ անոր մէջ իրականացնելու համար մեծ բաներ ու զայն դարձնելու համար Տիրոջ Մայրը, սկսաւ իր ժողովուրդը փրկել գաղթի ժամանակներէն, յիշելով Աբրահամին տուած իր խոստումը։ Տէրը` որ յաւիտենապէս հաւատարիմ Աստուած է, իր ողորմած սիրոյն անխափան հոսքը հոսեցուց «սերունդէ սերունդ» (հ. 50), ուխտին հաւատարիմ մարդոց վրայ, և այժմ փրկութեան լիութիւնը ցոյց կու տայ իր Որդոյն մէջ, որ ուղարկուած է փրկելու համար մարդիկ իրենց մեղքերէն» գրուած է խորհրդածութեան մէջ ուր կը շեշտուի նաեւ Զատկուան Խորհուրդի կեդրոնականութիւնը` որ իր լիութեան կը հասնի Մեսիային` Յիսուս Քրիստոսին հետ։
«Տիրոջմէ հայցենք շնորհքը` գիտնալ սպասելու անոր խոստումներուն կատարումը եւ օգնէ մեզի մեր կեանքի մէջ ընկալելու Մարիամին ներկայութիւնը» եղաւ խորհրդածութեան եզրափակիչ աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ