Որդիս ի՞նչու ըրիր մեզի այս մէկը. Հրապարակային ունկնդրութեան գրաւոր խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Անցեալ 14 Փետրուարէն Ֆրանչիսկոս Պապը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց, որուն բերումով անրկախուեցան անոր բոլոր պաշտօնական գործունէութիւնները բայց եւ այնպէս որոշուեցաւ հրատարակել անոր արդեն պատրաստուած որոշ պատգամներ եւ ճառեր, ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ունկնդրութիւններուն խորհրդածութիւնները որ այս տարի` Յոբելենական սուրբ տարուան առիթով նուիրուած են «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին։
Այսօրուան խորհրդածութիւնը եւս կեդրոնացած էր Յիսուսի մանկութեան դրուագներուն վրայ, եւ այսօր ի մասնաւորի Ղուկաս Աւետարանին մէջ պատմուած (Ղուկ. 2,49), 12 տարեկան Յիսուսին` տաճարին մէջ գտնելու դրուագի մասին։
Արդարեւ անչափահաս Յիսուսը, Տաճար կը գտնուի, առանց տեղեկացնելու իր ծնողները, Մարիամն ու Յովսէփը, մտահոգ կը սկսին զայն փնտռել ու կը գտնեն երեք օր ետքը։ «Այս դրուագը մեզի կը ներկայացնէ Մարիամին եւ Յիսուսին միջեւ շատ հետաքրքրական զրոյց մը, որ մեզի կ՛օգնէ խորհրդածելու Յիսուսին մօր` ոչ դիւրին ուղեւորութեան վրայ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան մէջ մատնանշելով Մարիամի հոգեւոր ուղեւորութեան դրուագներուն` սկսեալ յղիութենէն, մինչեւ Եղիսաբեթին տուած այցելութիւնը, ապա իններորդ ամսուայ յղիութեան ժամանակ մարդահամարը, որ զինք կը ստիպէ երթալ Բեթղեհէմ Յովսէփի հետ միասին ուր կը խնի Յիսուս։
Ապա քառասուն օրեր ետքը` Երուսաղէմ մեկնումը մանուկը տաճար ընծայելու համար հուսկ դէպի Եգիպտոս փախուստը, ուր կը մնան մինչեւ Հերովդէս Թագաւորին մահը։
Եւ երբ Յիսուս իր առաքելութիւնը կը սկսի Մարիամ ներկայ է Կանայի հարսանիքին ու դերակատար է, ապա անոր կը հետեւի դէպի Երուսաղէմ ճամբորդութեան մինչեւ չարչարանքն ու մահը։
Յարութենէն ետքը Մարիամ կը մնայ Երուսաղեմ, որպէս առաքեալներուն Մայր թիկունք կանգնելով անոնց հաւատքին եւ սպասելով Սուրբ Հոգիին գալուստը։
Այս ճանապարհորդութեան մէջ Սուրբ Կոյսը յոյսի ուխտաւոր է, Ան աշխարհ բերաւ Յիսուսը` մարդկութեան Յոյսը, զայն սնուցանեց, աճեցուց ու անոր հետեւեցաւ...
Տասներկու տարեկան Յիսուսին կորուստին փորձառութիւնը, դէպի Երուսաղէմ ամէնամեայ ուխտագնացութեան ժամանակ վախի կը մատնէ Մարիամը եւ երբ կը գտնէ զայն կը յանդիմանէ ըսելով. «Ի՞նչու ըրիր այս մէկը։ Հայրդ եւ ես մտահոգ քեզ կը փնտռէինք»։
Մարիամն ու Յովսէփը որպէս ծնողք ցաւի մէջ էին, որովհետեւ կորսնցուցին իրենց զաւակը, ու փնտռելէն ետքը զայն կը գտնեն տաճարին մէջ, ուր կը բացայայտեն, որ ան որ իրենց աչքերուն համար միայն փոքրիկ մանուկ մըն էր ,որ պաշտպանութեան կարիքը ունէր, շուտով մեծցած էր ու կարող էր ներգրաւուիլ Սուրբ Գրութիւններու մասին վէճերու մէջ։
Մարիամի յանդիմանութեան դիմաց Յիսուս կը պատասխանէ. «Ի՞նչու կը փնտռէիք զիս. Չէ՞ք գիտեր որ ես պէտք է իմ Հօրս գործերով զբաղի»։ Մարիամն ու Յովսէփը չեն հասկնար այդ մէկը...անոնք կ՛ուզեն պաշտպանել իրենց թանկագին մանուկը, Յիսուս սակայն կ՛ուզէ ապրիլ իր Հօր Որդիի կոչումը` որ անոր ծառայութեան տակ է ու մխրճուած Անոր Խօսքին մէջ։
Այսպիսով, Ղուկասի մանկութեան պատմութիւնները կը փակուին Մարիամի վերջին խօսքերով, որոնք կը յիշեցնեն Յովսէփի Հայրութիւնը Յիսուսի հանդէպ, և Յիսուսին առաջին խօսքերով, որոնք կը ճանչնան, թէ ինչպէս այդ հայրութիւնը ծագում ունի երկնային Հօր մէջ, որուն կը ճանչնայ անվիճելի գերակայութիւնը։
«Եղբայրներ եւ քոյրեր Մարիամի եւ Յովսէփի նման լի յոյսով, մենք ալ մենք մեզ դնենք Տիրոջ հետքերուն վրայ, որ թոյլ չտար պարփակուիլ մեր ուրուագծերուն մէջ եւ թոյլ կու տայ գտնուիլ ոչ այնքան վայրի մը մէջ, որքան աստուածային քնքուշ հայրութեան սիրոյ պատասխանին մէջ, սիրոյ արձագանք, որ որդիական կեանքն է» կը գրէ Սրբազան Պապը խորհրդածութեան աւարտին :
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ