2025.04.28 5° Congregazione Cardinali

Քահանայապետ ընտրելու կանչուած կարդինալները․ աշխարհագրութիւն, տարիք, կրօնական միաբանութիւններ

7 Մայիսի Պապընտիր Ժողովին մասնակցող կարդինալները 71 տարբեր Երկիրներէն են ՝ այդ երկիներէն 17ը Ափրիկեան ցամաքամաս են, 15ը Ամերիկեան ցամաքամասէն, 17ը Ասիայէն, 18ը Եւրոպայէն եւ 4ը Ովկիանիայէն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

267րդ Պապին ընտրելու համար Քոնքլավին պիտի մասնակցեն 135 ընտրող կարդինալներ` 5 ցամաքամասերու 71 տարբեր երկիրներէն՝ այդ երկիներէն 17ը Ափրիկեան ցամաքամասէն են, 15ը՝ Ամերիկեան ցամաքամասէն, 17ը՝ Ասիայէն, 18ը՝ Եւրոպայէն եւ 4ը՝ Ովկիանիայէն։

Վերոնշեալ 71 երկիրներու մէջ 12ը առաջին անգամուայ համար կը մասնակցին Քոնքալվին իրենց ընտրող կարդինալներով՝ Հայիթի, Քափօ Վերտէ, Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւն, Փափուա Նովա Կուինէա, Մալազիա, Շուէտ, Լիւքսեմպուրկ, Արեւելեան Թիմոր, Սինկափուր, Փարակուայ, Հարաւային Սուտան եւ Սերպիա։

135 ընտրող կարդինալներէն՝ 53-ը եւրոպացի են, 37ը՝ ամերիկացի (16ը՝ Հիւսիսային Ամերիկայէն, 4ը՝ Կեդրոնական Ամերիկայէն, 17ը՝ Հարաւային Ամերիկայէն), 23ը՝ ասիացի, 18ը՝ ափրիկեցի եւ 4ը՝ Ովկիանիայէն ։

Ընտրողները վերջին երեք պապերու կողմէ ստեղծուած ծիրանաւորներ են

Ամէնէ երիտասարդ ընտրող կարդինալը 45ամեայ աւստրալացի Միքոլա Պիչոքն է, ամէնէն տարեցը՝ 79ամեայ սպանացի Քարլոս Օսորօ Սիերան։ 5 ընտրողներուն ստեղծած է Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, 22ը կարդինալական գլխարկը ստացած են Պենետիկտոս ԺԶ-էն, եւ 108ն՝ Ֆրանչիսկոսի կողմէ։

Ընտրողներու շարքին, բացի այդ կան 33 կարդինալներ 18 կրօնական միաբանութիւններէն, անոնց շարքին 5ը սալեզեաններ են, 4ը՝ Կրտսեր Եղբայրներու միաբանութենէն, 3ը ֆրանչեսկեաններ։

Ի՞նչ կը սահմանէ Եկեղեցական կանոնագիրքը։

Եկեղեցական կանոնագիրքին 349րդ կանոնը կը յստակեցնէ, որ կարդինալները «կը կազմեն յատուկ ժողով, որուն խնդիրն է ապահովել Հռոմի Քահանայապետի ընտրութիւնը» եւ «կ’օգնեն» Պապին՝ «ըլլայ գործելով հաւաքական կերպով, երբ կը կանչուին աւելի մեծ կարեւորութեան հարցեր լուծելու, ըլլայ որպէս անհատներ, այսինքն՝ իրենց զբաղեցուցած տարբեր պաշտօններու ծիրէն ներս, Տիեզերական Եկեղեցւոյ ամենօրեայ խնամքի գործին մէջ»։

Բացի այդ, «Universi Dominici Gregis – Տիրոջ ամբողջ հօտը» Առաքելական Սահմանադրութիւնը կը սահմանէ, որ Պետրոսի իրաւայաջորդին կ’ընտրեն այն կարդինալները, որոնց 80 տարեկանը տակաւին չէ լրացած մինչեւ Պապի մահուան օրը, «կամ այն ​​օրը, երբ Առաքելական Աթոռը թափուր կը մնայ» եւ այս է պատճառը, որ տարբերութիւնը կը դրուի ընտրող եւ ոչ ընտրող կարդինալներու միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2025, 12:02