Կարդինալ Կամպեթթի. Համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ բացուիլ մարդկութեան առանց վերապահումներով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 29 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեհանգստեան իննօրեայ աղօթքի չորրորդ օրը, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Սուրբ Պետրոսի տաճարի աւագերէց, կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթի մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան կարդինալական դասի անդամները, Հռոմի չորս պազիլիքաներուն առաջնորդները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ ու ուխտաւորները։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ կարդինալ Կամպեթթին մեկնաբանելով օրուան աւետարանը, ուր կը խօսուի Յիսուսի մասին որ կ՝ըսէ թէ պիտի զատէ ոչխարները այծերէն ընդգծեց, թէ Աստուծոյ թագաւորութեան իսկական մասնակցութիւնը կը հիմնուի ուշադրութիւն ցուցաբերելով տկարներուն եւ եղբայրներուն, կերակրելով անօթիները, ընդունելով օտարները, հոգ տանելով հիւանդներուն եւ այցելելով բանտարկեալներուն։
«Ոչխարները», որոնք հաւատարմութեան, քնքշութեան և հոգատարութեան խորհրդանիշներ են նախատեսուած են յաւերժական ուրախութեան, մինչդեռ «այծերը», որոնք եսասիրութեան և տիրապետութեան ներկայացուցիչներ են, նախատեսուած են յաւերժական կրակի, ըսաւ Կարդինալ Կամպեթթին ընդգծելով որ իրական մարդկային արժանապատուութիւնը կը դրսեւորուի կարեկցանքի, համերաշխութեան եւ քնքշութեան գործերով եւ ոչ թէ միայն հաւատքի կամ աստուածաբանական գիտելիքներու դաւանանքով։
Համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ, կարդինալ Կամպեթթին հրաւիրեց հետեւելու աւետարանումին ուղիին՝ հիմնուած բացութեան, առատաձեռնութեան եւ կիսուելու վրայ, Ան ապա քարոզը աւարտեց հրաւիրելով աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած որպէսզի Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունի Իր աստուածային հաղորդութեան մէջ , հրաւիրեց աջակցելու եկեղեցւոյ փորձութիւններուն մէջ, պաշտպանել աշխարհը բռնութիւնէն, ատելութենէն եւ սփոփելով հալածուած քրիստոնեաները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ