Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն նուիրուած Սուրբ տարուան յոբելեանը։

Սկիզբ առաւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն Սուրբ Տարուան յոբելեանը։ Գերպ Ռինօ Ֆիզիքեալլա արտասանած քարոզին մէջ հրաւիրեց աղօթելու որպէսզի Ֆրանչիսկոս Պապին ժառանգութիւնը միշտ մնայ եկեղեցւոյ մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 28 ապրիլին, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն նուիրուած յոբելինական Սուրբ Տարուան օրն է։ Այս առթիւ աշխարհի եւ Իտալիոյ տարբեր վայրերէն, թեմերէն կազմակերպուած հաշմանդամութիւն ունեցող հաւատացեալները ընկերակցութեամբ իրենց հոգեւոր առաջնորդներուն ուխտագնացութեամբ հռոմ ժամանեցին անցնելու համար Սուրբ Պետրոսի տաճարին սուրբ դուռէն։

Հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն յոբելինական սուրբ տարուան օրը սկսաւ, դէպի սուրբ դուռ ուխտագնացութեամբ ապա Սան Ճովաննի Պաթիսթա Տէի Ֆիորենթինիի մէջ հաւատացեալները մասնակցեցան Սուրբ հաղորդութեան պաշտամունքի եւ Սուրբ Խոստովանանքի խորհուրդին։

Յետմիջօրէին, Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարի մէջ հաշմանդամութիւնն ունեցող անձերը մասնակցեցան Սուրբ պատարագի արարողութեան, զոր գլխաւորեց Աւետարանումի վերատեսչութեան համա վերատեսուչ, գերպ Ռինօ Ֆիզիքելլան։

Արտասանած քարոզին մէջ գերպ Ֆիզիքելլան հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու որպէսզի Ֆրանչիսկոս Պապին մշակած սերմերը՝ Իր ողորմութեան եւ ներառութեան քահանայապետութեան շրջանին ծաղկին եւ մնան եկեղեցւոյ մէջ։

Երեքշաբթի, 29 ապրիլին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի տաճարի հրապարակին վրայ հաւատացեալները մասնակցեցան Գերպ Ռինօ ֆիզիքելլային ներկայացուցած քրիստոնէական վարդապետութեան ու կիսելով իրենց վկայութիւնները։

Հաշմանդամութիւնը ունեցող անձերուն նուիրուած յոբելինական սուրբ տարուան օրը կ՝աւարտի Սան Անճելօ բերդին պարտէզներուն մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2025, 12:03