Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանքներու արարողութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ

Արարողութեան ընթացքին ըստ աւանդութեան քարոզը արտասանեց Քաանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, որ այսպաշտօնի վրայ անուանումէն ետքը առաջին անգամն էր, որ կը ներկայացներ աւագ ուրբաթ օրուայ քարոզը, որուն մէջ Ան հրաւիրեց հաւատացեալները ամբողջութեամբ վստահելու Հօր, նաեւ խաւար պահերու ընթացքին, Յիսուսին նման մենք մեզ յանձնելով այս Սիրոյն որ կը փրկէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 18 ապրիլի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութեան օրուանառիթով Կարդինալ Քլուատիօ Կուճերոթթին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորեց Տիրոջ չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու ս. Հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին ըստ աւանդութեան քարոզը արտասանեց Քաանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, որ այսպաշտօնի վրայ անուանումէն ետքը առաջին անգամն էր, որ կը ներկայացներ աւագ ուրբաթ օրուայ քարոզը, որուն մէջ Ան հրաւիրեց հաւատացեալները ամբողջութեամբ վստահելու Հօր, նաեւ խաւար պահերու ընթացքին, Յիսուսին նման մենք մեզ յանձնելով այս Սիրոյն որ կը փրկէ։

Հայր Փազիլինի «Խաչին բանականութիւնը»` որ կը սիրէ եւ կը նուիրուի, հակադրեց արդիւնաւէտութեան վրայ հիմնուած ժամանակակից տրամաբանութեան ապա շեշտը դրաւ Յիսուսի չարչարանքներու երեք կեդրոնական կէտերու վրայ` ուր կը բացայայտուի Յիսուսին վստահութիւնը. Գեթսէմանիի մէջ անոր յանձնումը, Խաչին վրայ արտասանած «ծարաւի եմ» խօսքը եւ «Ամէն ինչ կատարուած է» բացագանչութիւնը։

Քարոզիչը խրախուսեց ճանչնալ ցաւի եւ տկարութեան արժէքը, որպէս առիթ մենք մեզ նուիրելու ու աճելու սիրոյ մէջ։

Արարողութեան ի միջի այլոց ներկայ էր նաեւ ԱՄՆ-ի փոխ նախագահը իր ընտանիքի անդամներուն հետ միասին։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ու բոլոր տառապածներուն նուիրուած աղօթքով։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2025, 08:33