Ֆրանչիսկոս Պապը դրամական աջակցութիւն կը յատկացնէ Միանմարի ժողովուրդին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Միանմարի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն յետոյ, որ պատճառեց հազարաւոր մահեր, վիրաւորներ, տեղահանուածներ և նիւթական մեծ վնասներ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան և Բարեգործութեան Ծառայութեան Վերատեսուչութիւններու միջոցաւ ուզեց առատաձեռն ներդրում մը ուղարկել բնակչութեան, դիմագրաւելու համար այս շտապ օգնութեան ու տագնապի փուլը:
«Դրամական այս օգնութիւնը նպատակ ունի արտայայտել Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Միանմարի եղբայրներու և քոյրերուն և կ՛աւելնայ այն հսկայական օգնութեան, որ կը հասնի համայն աշխարհի եկեղեցիներէն, նաև կրօնական միաբանութիւններու և կաթողիկէ կազմակերպութիւններու միջոցաւ» նշուած է այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ:
Նուիրատուութիւններուն կ՜ընկերանայ նաեւ աղօթքի միջոցաւ մշտական յիշումը, և Եկեղեցւոյ Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ բարեխօսութեան աղերսը յատկապէս այս ժամանակաշրջանին, որը մեզ աւելիով կը մօտեցնէ Սուրբ Զատիկին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ