Մարք Քառնի Մարք Քառնի   (AFP or licensors)

Քառնի Քանատայի վարչապետ ընտրուեցաւ եւ կոչ ուղղեց Թրամփի վարչակազմին նկատմամբ Խիստ դիրքորոշում բրդեգրելու

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի ղեկավարած Ազատական կուսակցութիւնը երկրին մէջ կատարուած ընդհանուր ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելով պահպանեց իշխանութիւնը, սակայն ձախողեցաւ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովել

Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնիի ղեկավարած Ազատական կուսակցութիւնը երկրին մէջ կատարուած ընդհանուր ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելով պահպանեց իշխանութիւնը, սակայն ձախողեցաւ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովել, բան մը, որուն կը ձգտէր: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ այս մասին ցոյց կու տան ընտրութիւններուն յայտարարուած նախնական արդիւնքները:

Ազատական կուսակցութիւնը ապահոված է խորհրդարանի մէջ 167 աթոռներ, իսկ պահպանողական կուսակցութիւնը` 145: Ազատականները խորհրդարանի 343 աթոռներէն 172-ին պէտք ունին` առանց փոքր կուսակցութիւններու աջակցութեան իշխել կարենալու համար:

Քառնի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ իր համակիրներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու հետ մեր հին յարաբերութիւնը վերջ գտաւ, այդ յարաբերութիւնը հիմնուած էր հետզհետէ աճող զիրար ամբողջացման վրայ»:

«Միացեալ Նահանգներու հաստատած համաշխարհային առեւտուրի բաց համակարգը վերջ գտաւ, եւ ատիկա համակարգ մըն էր, որուն Քանատան կը վստահէր տասնամեակներով բարեկեցութիւն ապահովելու համար», աւելցուց ան:

Քառնի յաջորդ փուլը նկարագրեց իբրեւ «մարտահրաւէրներով լեցուն եւ զոհողութիւններ պահանջող»` շեշտելով «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նկատմամբ մաքսատուրքերու վերաբերեալ խիստ դիրքորոշում որդեգրելու» անհրաժեշտութիւնը:

«Քանատան պիտի ստիպուի միլիառաւոր տոլարներ ծախսել իր հարաւային դրացիէն տնտեսական կախեալութիւնը նուազեցնելու համար», յայտարարեց Քանատայի վարչապետը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2025, 08:11