Զմմառու Վանքի Վարչութեան ցաւակցութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապին մահու
Անցեալ Կիրակի 27 ապրիլ 2025-ին, Զմմառու Մայրավանքի «Փոխման Սուրբ Կուսին» մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ձայնաւոր սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց գեր. Վարդան վրդ. Ճալլուֆեանը։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն վախճանեալ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հոգիին հանգիստին համար։
Այս պատարագէն մի քնի օրեր առաջ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Մայրավանքի մեծաւոր՝ Գերպծ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթերեանի գլխաւորութեամբ, Վանքիս Վարչական հայրերը և վանաբնակ Արհի. Գէորգ Արք. Խազումեան, վաստակաւոր առաջնորդ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին, իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ՝ Արհի. Փաոլօ Պորճա-ին Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան տխուր առիթով։ Այնուհետեւ գրառում կատարուեցաւ այս առթիւ զետեղուած յատուկ «Ցաւակցական մատեան»-ին մէջ։
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ