Մայիս 1-ը աշխատանքի եւ աշխատաւորներու միջազգային տօն
Մայիս 1-ը աշխատանքի եւ աշխատաւորներու միջազգային տօն է:
Առաջին անգամ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքին մէջ բանուորներ 21 ապրիլ 1856-ին ցոյց կազմակերպեցին` ութ ժամեայ աշխատանքային օրուան պահանջով:
Աւստրալիոյ աշխատաւորներուն օրինակով, 1 մայիս 1886-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի անիշխանական կազմակերպութիւնները շարք մը ցոյցեր եւ հանրահաւաքներ կազմակերպեցին:
Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ ցոյցերուն մասնակիցներուն թիւը անցաւ 300 հազարը: Այսպէս Նիւ Եորքի մէջ ցուցարարներուն թիւը կը գնահատուէր շուրջ 10 հազար, Տիթրոյիթի մէջ` 11 հազար, Միլուոքիի մէջ` հազիւ 10 հազար, Շիքակոյի մէջ` աւելի քան 40 հազար:
Անիշխանականներուն դատավարութիւնը
Շիքակոյի մէջ ցոյցերը սկսան Միշիկըն պողոտայէն, անիշխանական Ալպէրթ Փերսընսի եւ անոր կնոջ` Լիւսի Փերսընսի առաջնորդութեամբ:
Շիքակոյի ցուցարարներուն թիւը ժամ առ ժամ աւելցաւ եւ անցաւ 80 հազարը:
Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմէն (1861-1865) ետք, Շիքակօ երկրի ճարտարարուեստական գլխաւոր կեդրոնը դարձած էր: Բանուորներ հոն շաբաթը վեց օր եւ օրական տասը ժամ կ՛աշխատէին, իբրեւ օրավարձք ստանալով մէկ տոլար եւ 50 սէնթ: Բանուորներուն մէջ մեծ թիւ կը ներկայացնէին գերմանացի եւ պոհեմիացի գաղթականները:
Մահապարտ անիշխանականները կախաղանին առջեւ մահապատիժի գործադրութենէն քանի մը վայրկեան առաջ
Ցոյցերէն երկու օր ետք, երկուշաբթի, 3 մայիսին, Շիքակոյի բանուորները եւ անիշխանականները քաղաքին արեւմտեան թաղերուն մէջ սկսան համախմբուիլ` աւելի լայնածաւալ բողոքի ցոյցեր կազմակերպելու առաջադրանքով:
Մայիս 4-ի երեկոյեան Ալպէրթ Փերսընս եւ վերապատուելի Սամուէլ Ֆիլտըն հաւաքուած բանուորներն ու անիշխանականները ցոյցի առաջնորդեցին:
Ոստիկանութիւնը փողոցներուն վրայ կազմ ու պատրաստ կը սպասէր:
Քաղաքապետ Քարթըր Հերիսըն ոստիկանութեան թելադրած էր ցուցարարներուն նկատմամբ բռնութիւններու չդիմել:
Շիքակոյի Հէյմարքէթ հրապարակը 4 մայիս 1886-ի գիշերը
Վերապատուելի Սամուէլ Ֆիլտըն, որ մեթոտական եկեղեցւոյ հովիւ էր, ընկերվարական եւ անիշխանական, գերմանական Վալտհայմ գերեզմանատան առջեւ ճառ արտասանեց, որմէ ետք, գիշերուան ժամը 10:30-ին ոստիկանապետ Ճոն Պոնֆիլտ յանուն օրէնքի Հէյմարքէթ հրապարակին վրայ խմբուած ցուցարարներուն հրահանգեց ցրուիլ:
Նոյն պահուն ձեռնառումբ մը նետուեցաւ ցուցարարներուն մօտեցող ոստիկաններուն վրայ, որոնցմէ մէկը` Մաթիաս Տեկըն զոհուեցաւ, իսկ քանի մը ուրիշներ ալ վիրաւորուեցան:
Քանի մը վայրկեան ետք սկսաւ հրացանաձգութիւն ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ: Ցուցարարներէն չորս հոգի սպաննուեցաւ, եւ 70 հոգի վիրաւորուեցաւ:
Հազիւ հինգ վայրկեան տեւած հրացանաձգութենէն ետք Հէյմարքէթ հրապարակը գրեթէ ամայացաւ:
Քիչ ետք հրացանաձգութիւնը վերսկսաւ եւ սաստկացաւ: Վեց ոստիկաններ զոհուեցան, եւ քանի մը տասնեակ ալ վիրաւորուեցան:
Խռովութիւն եւ սպանութիւն կազմակերպելու մեղադրանքով անիշխանականներ Ալպէրթ Փերսընս, Ատոլֆ Ֆիշըր, Ճորճ Էնկըլ, Աուկուսթ Սփայս եւ Լուիս Լինկ մահուան դատապարտուեցան: Լինկ մահավճիռի գործադրութենէն մէկ օր առաջ բանտախցիկին մէջ անձնասպան եղաւ, իսկ միւսները 11 նոյեմբեր 1887-ին կախաղան բարձրացան:
Ամերիկացի աշխատաւորներու առաջարկով, ի յիշատակ մահապատիժի ենթարկուած անիշխանականներուն, Երկրորդ Միջազգայնականի Փարիզի քոնկրեսը 1889 յուլիսին որոշեց ամէն տարի մայիս մէկին հանրահաւաքներ կազմակերպել: Մայիս մէկը յայտարարուեցաւ ամբողջ աշխարհի աշխատաւորներու համերաշխութեան օր:
Երկրորդ Միջազգայնականի որոշումը 1 մայիս 1890-ին գործադրուեցաւ եւ նշուեցաւ Աւստրեւհունգարիոյ, Պելճիքայի, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Ֆրանսայի մէջ:
Մայիս 1-ի տօնը դարձաւ ամէնամեայ եւ տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն` իբրեւ աշխատաւորներու իրաւունքներու նուիրուած տօն:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ