Որոնել

2025.04.16 Rappresentanti politici visitano il Patriarca Minassian

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ

Հոգեւոր Տէրը յստակացուց, որ Հռոմի մէջ «Գրիգորեան» համալսարանին 10 ապրիլին կազմակերպած այս վերջին բաւական աղմուկ հանած ձեռնարկը Ազրպէյճանի հերթական նենգափոխութիւնն է պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններու: Թէ՛ Ընդհանրական եկեղեցին եւ թէ՛ անոր մաս Հայ կաթողիկէ եկեղեցին գործունեայ ընթացքով հաւատարիմ են այն նուիրական արժէքներուն, զորս դարերու հոլովոյթով` հայ քրիստոնեայ ազգը վկայած եւ ապրած է:
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 14 ապրիլ 2025-ին, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Անոնք ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով կեդրոնական, երիտասարդական եւ հոգեւոր բնոյթի ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները:

Հոգեւոր Տէրը ողջունեց կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ շեշտեց, որ ապրիլ 24-ին առնչուած բոլոր ձեռնարկները պէտք է համակարգուած ըլլան` գնահատելով միասնականութեամբ ստեղծուած մթնոլորտն ու աշխատանքները:

Այս հանդիպումը նաեւ առիթ ծառայեց, որ խորհրդակցութիւններ ըլլան Ազրպէյճանի կողմէ տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց շարքին Վատիկանի, տարած դիւանագիտական, քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքներուն շուրջ: Հոգեւոր տէրը յստակացուց, որ Հռոմի մէջ «Գրիգորեան» համալսարանին 10 ապրիլին կազմակերպած այս վերջին բաւական աղմուկ հանած ձեռնարկը Ազրպէյճանի հերթական նենգափոխութիւնն է պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններու: Թէ՛ Ընդհանրական եկեղեցին եւ թէ՛ անոր մաս Հայ կաթողիկէ եկեղեցին գործունեայ ընթացքով հաւատարիմ են այն նուիրական արժէքներուն, զորս դարերու հոլովոյթով` հայ քրիստոնեայ ազգը վկայած եւ ապրած է: Շեշտուեցաւ այդ ամբողջին մօտէն հետեւելու ու Պաքուի իշխանութիւններուն ծրագիրներուն բուն նպատակները լաւապէս իմանալու եւ ըստ այնմ միասնական աշխատանքներ տանելու կարեւորութիւնը, առանց անհարկի մեղադրանքներու դիմելու եւ պառակտումի առաջնորդելու, որոնք կը կազմեն դիտաւորութիւնն ազրպէյճանական վարչակարգին: Հոգեւոր տէրը աւարտին դարձեալ շեշտեց հոգեւոր, կուսակցական եւ համայնքային մակարդակներուն վրայ միասնական մարմիններով աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2025, 08:41