Ֆրանսայի մէջ Սուրբ Զատկուայ գիշերը պիտի մկրտուին 17.800 անձինք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այս տարի Ֆրանսայի մէջ, Սուրբ Զատկուայ գիշերը Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը պիտի ստանան 10.384 մեծահասակներ եւ 7.400 11էն 17 տարեկան պատանիներ 17.800 ի հասցնելով մկրտութեան թեկնածուներու թիւը որ բախդատմամբ անցեալ տարուայ աճած է 45% տոկոսով։ Լուրը կը կարդանք Ֆրանսայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ տարածած տեղեկագիրի մը մէջ, որ կը կրէ Լիոնի Արքեպիսկոպոս Օլիվիէ Տը Ժերմանիի ստորագրութիւնը որ է նաեւ Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քրիստոնէական կեանքի յանձնաժողովի անդամ, եւ սուրբ մկրտութեան նախապատրաստուող երիտասարդներու և մեծահասակներու պատասխանատու եպիսկոպոս։
Նոր մկրտուած չափահասներու շրջանակէն ներս 18-25 տարեկան երիտասարդներուն բաժինը կազմուած է ուսանողներէ և «երիտասարդ մասնագէտներէ», որոնք կը կազմեն մկրտութեան նախապատրաստուող երիտասարդներուն 42%-ը և, հետևաբար, գերազանցած է 26-40 տարեկաններու խումբը, որ մինչ այժմ կը ներկայացնէր նոր մկրտուած մեծահասակներու պատմական խումբը:
Տեղեկագիրէն ի յայտ կու գայ նաեւ որ կտրուկ աճ արձանագրած է դեռահաս մկրտուողներուն թիւը, եւ այդ մէկը գրեթէ 33 տոկոսով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ