Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանի տուչութիւն Զմմառու Վանքին մէջ
Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գահակալ ՆԱԳՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի`
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երեսուներեքերորդ Մեծաւորի Թագադրութեան փառաշուք արարողութեան ականատես դարձան` Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց կղերաց դասը, ազգայիններ, Թագադրեալին հարազատներն ու բարեկամները եւ հաւատացեալներ։
Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025-ի, առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու մայրավանքի "Փոխման Սուրբ Կուսին" մայր եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որմէ ետք Ամեն. եւ Գերերջ Հոգեւոր Տիրոջ ձեռամբ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Նորընտիր Մեծաւոր` Գերպծռ. Մաշտոց Ծ.Վրդ. Զահթէրեանին շնորհուեցաւ` Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը։
Այնուհետեւ Ամեն. եւ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի "Մուտն Ի Վիրապ"-ի տօնին առթիւ` Զմմառու Մայրավանքին մէջ խնամքով պահպանուած` Հայոց Լուսաւորչին ծնկոսկրով օրհնեց համայն հաւատացեալները։
Արարողութենէն ետք` Վանքի դահլիճին մէջ` Հոգեւոր Տէրը, Թագադրեալ Գերապայծառը եւ Վանքի նորընտիր վարչութիւնը` ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքները։
Աղբիւրը` Զմմառու Վանք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ