«Քրիստոսի՝ «Տառապող Ծառային» Մուտքը Երուսաղէմ» Հայր Գէորգ Եպիս Աստատուրեան
Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ յառաջիկայ աւագ շաբաթը՝ ուր պիտի յիշատակենք Տիրոջ մատնութիւնը, չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, մեր դիմաց կը բանան խորհրդաւոր իրականութիւններ: Յիսուս, որ ինքզինք յայտնեց որպէս յարութիւն եւ կեանք, իր ընկերը՝ Ղազարոսը մեռելներէն յարուցանելով, հիմա Երուսաղէմ պիտի մտնէ, որպէս սպասուած Մեսիան: Բայց նախքան Երուսաղէմ մուտքը, խաւարի ուժերը դաւ սկսան լարել Իրէն դէմ, ծրագրելով զԻնք սպաննել: Անոնց համար սպառնալիք էր անձ մը, որ կարող է մեռելներուն յարութիւն տալ, բա՛ց եւ այնպէս չկիսէր իրենց քաղաքական եւ հայրենակցական գաղափարները:
Յիսուս յատուկօրէն ուզեց յաղթական մուտք գործել Երուսաղէմ, ցոյց տալու համար, թէ Ինքն է սպասուած Մեսիան: Սակայն Ան Մեսիա մըն էր հակառակ մարդոց ակնկալութիւններուն: Յիսուս՝ Մեսիան բարձրաստիճան իշխան մը չէր, ոչ ալ քաղաքագէտ մըն էր. ոչ իսկ մեծահարուստ մը՝ որ բարձր տեղերու մէջ բարեկամներ ունի: Ան ծառայ մըն էր՝ տառապող ծառայ (Ես. 53): Բազմութիւնը աղաղակներ բարձրացուցին ողջունելով զԻնք, որպէս թագաւոր: Իրաւունք ունէին...Սակայն Ան կ'իշխէր խաչին վրայէն եւ դատարկ գերեզմանէն: Ան փոխանակ հռոմէացիները սպաննելու, ինքզինք մահու յանձնեց, սպաննելով մահը:
Ինչ, որ Յիսուս կատարեց եւ ապրեցաւ անհասկնալի էր նոյնիսկ աշակերտներուն: Եւ տակաւին անհասկնալի մնայ մեզմէ շատերուն. որովհետեւ մեր միտքն ալ, նման աշակերտներուն, այնքան աշխարհիկ գաղափարներով մշակուած է, որ շատ յաճախ չենք ըմբռներ Յիսուսի գործերն ու պատուիրանները. եւ կամ սխալ կը մեկնաբանենք զանոնք:
Աւագ շաբթուայ ընթացքին այնքան յստակ կ'ըլլայ Քրիստոսի ինքնութիւն՝ որ ԻՆքն է Աստուծոյ գառնուկը, որ պիտի վերցնէ աշխարհի մեղքերը: Ինք թագաւորն է, որ Իր «անձը պարպեց՝ ծառայի կերպարանք առնելով» եւ մեռաւ խաչի մահով: Ե՞րբ էր, որ Քրիստոս ինքզինք ունայնացուց կամ պարպեց աստուածային փառքէն... Աշակերտներու ոտքը լուացա՞ծ ժամանակ. թէ չարչարանքներու ատեն. եւ կամ խաչելութեան պահուն: Քրիստոս ինքզինք ունայնացուց Իր ծնունդով: «Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ»՝ այսպէս կ'երգէ շարականագիրը: Հրեշտակներ ապշած էին տեսնելով Քրիստոս Աստուած մանուկի կերպարանքով: Հապա որքան աւելի զարմացան, երբ զԻնք տեսան ծաղրուած եւ խաչուած:
Ծաղկազարդ պիտի տօնենք եւ մեր անակնկալութիւններ Երուսաղէմ մտնող արքայէն շատ չեն տարբերիր սուրբ գրային ժամանակներու բազմութեան սպասելիքներէն: Մենք ալ կ'ուրախանանք Քրիստոսով, երբ գիտակցինք թէ ան մեր ուզածն ու փափաքածը պիտի տայ մեզի: Կը ցանկանք գործի յաջողութիւն, մսուրի մէջ աղքատօրէն ծնողէն: Կը փափաքինք յաղթանակ՝ խաչին վրայ մեռնողէն: Կ'ուզենք առողջութիւն « ինքզինք փրկելու անկարողէն» (Մտթ. 27:42): Արդեօ՞ք մենք ալ սխալ չենք ըմբռնած Քրիստոսն ու իր պատգամը:
Քրիստոս յաղթեց մահուան, մեղքին եւ սատանային, ըլլալով իսկական մարդ՝ երկրորդ Ադամը: Ս. Իրենեոս Լիոնացի (Irénée de Lyon) կ'ըսէ՝ « Աստուծոյ փառքը մարդն է՝ լիովին կենդանի» (La gloire de Dieu, c'est l'homme pleinement vivant): «Ահա՛ այն մարդը» (Ecce homo) կը գրէ աւետարանիչը (Յովհն. 19:5): Հետեւաբար՝ եթէ ուզենք Քրիստոսի նման յաղթական ըլլալ, պէտք է ապրինք այն պատկերով, որով Աստուած նախամարդը ստեղծեց: Մեր կեանքերը պէտք է հիմնուին Արքայութեան մէջ եւ Արքայութեան փառքին համար՝ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ մնալով Աստուծոյ հետ: Պարպենք մենք զմեզ «հին մարդէն», որպէսզի Քրիստոս ապրի մեր մէջ եւ մենք ալ ըլլանք «տառապող ծառայ» մեր Տիրոջ եւ վարդապետին օրինակով: Պարպենք մենք զմեզ հպարտութենէ, սնապարծութենէ, եսակեդրոնացումէ. համբերութիւն հագնինք եւ ապրինք յարատեւ ''մեռնելով'' ՝ նման մեր Տիրոջ: Մենք վերստին ծնանք մկրտութեան աւազանէն՝ մեռնելով. սակայն այդ միանգամ ընդմիշտ արարք մը չէր, այլ յարատեւ մեր ապրելակերպը:
Եթէ դժուար հասկանալի են այս բառերը, կը նշանակէ շուտով մենք ալ յուսախաբ պիտի ըլլանք Քրիստոսէ եւ զԻնք պիտի խաչենք: Ապրիլ յաւիտենականութեան համար միայն՝ այս է մեր կոչումը: Լիբանանի հզօր սուրբը՝ Շարպել կ'ըսէ՝ « Մի սկսիր բան մը աշխարհի վրայ, զոր չես կրնար շարունակել Երկնքի մէջ»: Մեր գանձերը դիզենք հոն՝ երկնքի մէջ:
Շնորհակալ եմ Տէր, որ ինծի համար աշխարհ եկար եւ կեանքովդ եւ օրինակովդ ցոյց տուիր ինծի փրկութեան ճամբան: Մեր նախահայրերը՝ սուրբերն ու ճգնաւորները ապրեցան քեզի նման եւ լոյս դարձան շատերուն: Սորվեցուր մեզի քու ճամբաներդ, որպէսզի մենք ալ ապրիլնք մեր մէջ կազմելով ճշմարիտ մարդը:
Տէր լսէ մեր աղօթքը բարեխօսութեամբ ամենասրբուհիի կոյս Մարիամի, որպէսզի մենք ալ ըլլանք յաղթական նման Քրիստոսի եւ հաւատքի հերոսներուն:
Օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ