Որոնել

PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT-GAZA

Հայր Ռոմանելլի. Քահանայապետը մեզի հեռաձայնեց, կը շարունակենք խաղաղութեան եւ արդարութեան համար գործը

Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայր Կապրիելէ Ռոմանելլին հաստատեց` որ Սրբազան Քահանայապետը, մի քանի օր , առաջ վերսկսաւ իր հեռաձայնային կապերը. «Քահանայապետը հեռաձայնեց, մեզ ողջունեց ու հարց տուաւ թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուինք» ըսաւ Հայր Ռմանելլին բացատրելով նաեւ, որ այդ հեռաձայնը եղաւ կարճ բայց շատ զգացուած, ու թէ Սրբազան Պապը այս առիթով «բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնը, ու ապահովեցուց իր աղօթքները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հայր Կապրիել Ռոմանելլին, Արժանթինցի կրօնաւորը` Կազայի Սուրբ Ընտանիք Ժողովրդապետութեան ժողովրդապետն է, որուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ հեռաձայնային կապ հաստատած է, Կազայի մէջ պատերազմի բռնկումէն ասդին։ Կապ` որ Նորին Սրբութիւնը ուզած էր պահպանել նաեւ երբ կը գտնուէր հիւանդանոցին մէջ եւ որ շարունակեց նաեւ երբ վերադարձաւ Վատիկան` ուր կը շարունակէ իր ապաքինման գործընթացը։

Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայր Կապրիելէ Ռոմանելլին հաստատեց` որ Սրբազան Քահանայապետը, մի քանի օր  առաջ վերսկսաւ իր հեռաձայնային կապերը. «Քահանայապետը հեռաձայնեց, մեզ ողջունեց ու հարց տուաւ թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուինք» ըսաւ Հայր Ռմանելլին բացատրելով նաեւ, որ այդ հեռաձայնը եղաւ կարճ բայց շատ զգացուած, ու թէ Սրբազան Պապը այդ առիթով «բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնը, ու ապահովեցուց իր աղօթքները»։

Կեցցէ Սրբազան Պապը

Մարդիկ իրապէս ուրախ էին, ու մանուկներն ու պատանիները հազիւ իմացան որ Քահանայապետն էր հեռաձայնողը սկսան բացագանչել «կեցցէ Սրբազան Պապը», արաբերէն եւ իտալերէն լեզուներով, յայտնեց ի միջի այլոց Հայր Ռմանելլին նշելով նաեւ` թէ իրենք մեծապէս ուրախացան երբ անցեալ կիրակի օր Քահանայապետը տեսան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ու շնորհակալ են Անոր, խաղաղութեան ի սպաս կոչերուն համար։

Շնորհակալութիւն Քահանայապետին

«Այստեղ Կազայի մէջ իրավիճակը սարսափելի է, ուստի մեծապէս կը գնահատենք Քահանայապետին մօտիկութիւնը, Անոր աղօթքը ու Անոր բոլորի նկատմամբ մտահոգութիւնը, շնորհակալ ենք Անոր» ըսաւ Հայր Ռմանելլին ապա խօսեցաւ Կազայի մէջ ապրող մարդոց «աներեւակայելի» դժուար ու թշուառ կացութեան մասին, անհրաժեշտ նկատելով խաղաղութեան հաստատումը։

Կազայի մէջ կեանքը անտանելի

Կեանքը անտանելի է, կենսական միջոցներ կը պակսին շատ մը վայրերուն մէջ, կարիքը կայ ուտելիքի, ջուրի, դեղորայքի։ Կազան բանտ մըն է, վանդակ մը, մեծ վանդակ։ Մենք կը ջանանք ամէն ինչ ընել մարդոց օգնելու համար, հարիւրաւոր փախստականներուն` որոնք մեր շուրջը կը գտնուին, որոնց շարքին են նաեւ մահմետական ընտանիքներ։ Կ՛օգնենք բոլորին անխտիր, ու կը ջանանք իրապէս դառնալ խաղաղութեան գործիք մը` բոլորի համար» ըսաւ միշտ Հայր Ռոմանելլին։

Կարիքը կայ խաղաղութեան

«Մենք կը վստահինք Տիրոջ, ու խաղաղութեան ձգտող բարի կամքի տէր մարդոց օգնութեան։ Պէտք է` որ բոլորը համոզուին, որ այս պատերազմը պէտք է աւարտի։ Անիկա առաջին անհրաժեշտ քայլն է։ Ապա պէտք է` որ բոլորը յոյս ունենան թէ կարող են շարունակել ապրիլ Կազայի մէջ, առանց տեղահանութեան սպառնալիքին։ Պէտք է յարգուի իւրաքանչիւր մարդ անհատի արժանապատւութեան իրաւունքը, անկախ անոր ցեղային, կրօնական պատկանելութենէն կամ ընկերային պայմաններէն։ Սուրբ Երկրի պաղեստինցի ժողովուրդը կազմուած է երկու միլիոն երեք հարիւր անհատէ, անոնք մարդ էակներ են։ Եւ մարդկային իրաւունքներէն մին սեփական հող մը ունենալու իրաւունքն է։ Անհատները իրաւունքներու տէր են, իրեր չեն։ Իսկական խաղաղութիւնը պէտք է կառուցուի արդարութեան եւ ոչ թէ անարդարութեան վրայ» ըսաւ Հայր Կապրիելէ Ռոմանելլին Վատիկանեան լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2025, 08:20