հայիթի. Փորթ Օ Փրէնսի արքեպիսկոպոսին կոչը։ Երկիրը կ՝այրի, ո՞վ պիտի գայ մեզի օգնելու
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Փորթ Օ Փրէնսի եպիսկոպոս, գերպ Մաքս Լէրոյս Մէսիտոր հրատապ կոչ ըրաւ՝ կապուած Հայիթիի մէջ աճող բռնութեան տիրող իրավիճակի հետ։ «Վատիկան Նիւզ»ի յղած պատգամին մէջ յայտնեց, որ 28 ժողովրդապետութիւններ փակուած են եւ աւելի քան 40-ը դանդաղած են իրենց գործերուն մէջ՝ բազմաթիւ թաղամասերու մէջ զինուած խումբերուն վերահսկողութեան պատճառող։ Արքեպիսկոպոսը Քառասնորդացը Հայիթիի մէջ նկարագրեց որպէս գողգոթայ։
Խոր տխրութիւն եւ վրդովմունք նոյնպէս երեկ արտայայտեց Հաիթիի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը, որ անորոշ կերպով դատապարտեց զինուած խումբերուն յարձակումը Միրէպալէի մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաքի՝ Փորթ Օ Փրէնսի մի քանի քմ հեռաւորութեան վրայ եւ ուր կը բնակի մեծ թիւով ժողովուրդ։
Յայտնենք թէ Միրէպալէի մէջ վերջերս մահացած են մեծ թիւով անձեր, որոնց շարքին Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի Փոքրիկ Քոյրեր միաբանութեան երկու կրօնաւորուհիները։ «Այս ողբերգական իրադարձութիւնները անգամ մը եւս սուգի մէջ կը դնեն մեր ազգն ու եկեղեցին» նշեցին Հայիթի եպիսկոպոսները, դատապարտելով երկու կրօնաւորուհիներուն սպանութիւնը հաստատելով որ երկու կրօնաւորուհիներուն Աւետարանի եւ խոցելիներուն ծառայութիւնը կը մնայ Քրիստոսի սիրոյ փայլուն վկայութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ