Որոնել

2025.04.25 Commemorazione genocidio armeno in Irak

Ապրիլեան Նահատակաց նուիրուած յուշ երեկոյթ Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Մայր Տաճարին մէջ

24 Ապրիլ 2025-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ, Մայր Հայաստանի և Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս՝ Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակը յաւերժացնող հրապարարական հանդիսութիւններ տեղի ունեցան: Յիշատակութեան արժանի է նորոգ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապի վկայութիւնը՝ թէ «Քսաներորդ դարու առաջի՛ն ցեղասպանութիւն»ը կատարուած է այն ազգին, որ եղաւ առաջի՛նը, որ ողջագուրեց Քրիստոսի խաչը ու քալեց գողգոթայի ճանապարհին վրայ, հետեւելով Անոր որ ճշմարտութիւն է, ճանապարհ եւ կեանք` եւ նաեւ յոյսի աղբիւր»:

Վատիկան Նիւոզ - Հայկական բաժանմունք

24 Ապրիլ 2025-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ, Մայր Հայաստանի և Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս՝ Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակը յաւերժացնող հրապարակական հանդիսութիւններ տեղի ունեցան: Յիշատակութեան արժանի է նորոգ հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապի վկայութիւնը՝ թէ «Քսաներորդ դարու առաջի՛ն ցեղասպանութիւն»ը կատարուած է այն ազգին, որ եղաւ առաջի՛նը, որ ողջագուրեց Քրիստոսի խաչը ու քալեց գողգոթայի ճանապարհին վրայ, հետեւելով Անոր որ ճշմարտութիւն է, ճանապարհ եւ կեանք` եւ նաեւ յոյսի աղբիւր»: Ան ազդարարեց, ըսելով՝ թէ «չարը թաքցնելը կամ ժխտելը նման է թոյլ տալու` որ վէրք մը շարունակէ արիւնիլ, առանց զայն դարմանելու»: Այսպէս, Հինգշաբթի 24 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի «Տիրամայր Նարեկի» Մայր Տաճարին մէջ, գեղարուեստական երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ, որուն նախագահեց Պաղտատի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպծ. Հ. Ներսէս Արք. Զապարեանը: Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Իրաքի մէջ՝ ՀՀ լիազօր Դեսպան՝ Ռուբէն Սողոյեանը, Դեսպանատան Կցորդ՝ Օր. Զարուհի Ներսէսեանը, վարդապետներ, սարկաւագներ, դպիրներ ու հաւատացեալներ: Երեկոյթը ընթացք առաւ Իրագի և Հայաստանի հիմներգներով, որմէ ետք, բացման խօսք արտասանեց Պրն. Ժոզէֆ Պանտալին, ապա Պրն. Ռաուլը ընթերցում կատարեց «Ապրիլ 24» խորագրով: «Կոտորածն անգութ» մեներգով հանդէս եկաւ Օր. Մարիանը: Յաջորդաբար, Եկեղեցւոյ երիտասարդաց խումբի և քրիստոնէականի փոքրիկներու կատարողութեամբ՝ հնչեց «Տէր Զօր» յուզումնալից երգը Օր. Շողիկի ղեկավարութեամբ և արմոնիոմի ընկերակցութեամբ:

«110 տարիներ» խորագրով՝ հայերէն խօսք առաւ Պրն. Շահին Արսլանեանը, ապա փոքրիկներու կողմէ՝ հայերէն ոտանաւորներ կարդացուեցան: Օր. Շահատ արաբերէն ընթերցեց Երանելի Մալոյեանի Վարքը: Ապա, անմահն Կոմիտասի «Տլէ եաման» երգեց Պրն. Ժոզէֆ Պանտալին: Անգլերէն ոտանաւոր կարդաց Օր. Լուսինը: Աւարտին՝ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանը փակման խօսքը կարդաց հայերէն և արաբերէն, որուն յաջորդեց երիտասարդաց խումբի և փոքրիկներու «Թող հնչեն շեփոր» և «Կիլիկիա» երգերը միաշունչ և միահամուռ: Այնուհետեւ, եկեղեցական դասուն, հիւրերուն եւ ժողովուրդին թափօրը, գլխաւորութեամբ Գերապայծառ Հօր՝ շարժեցաւ դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը, «Այսօր յարեաւ» շարականը եղանակելով: Մանուկները Խաչքարին առջեւ վարդեր և վառած մոմեր զետեղեցին 1,5 միլիոն հայ զոհերու յիշատակին: Խունկ և աղօթք բարձրացան առ Աստուած, երգեցողութիւնը, աղօթքը և խնկարկութիւնը մէջ ընդ մէջ՝ ստեղծեցին խորհրդաւոր մթնոլորտ մը: Այս հոգեպարար արարողութենէն ետք, հոգեւորական դասը, հիւրերն ու հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան Եկեղեցւոյ դահլիճը, ուր յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 09:03