Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (45)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին կատարուող Անդաստանի կարգին:

ԽԵ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին կատարուող Անդաստանի կարգին:

 

Մեր Եկեղեցւոյ գեղեցկագոյն արարողութիւններէն մին է անդաստանը: Անդաստանը օրհնութիւնն է արտերուն, այգիներուն, բերքին և անասուններուն: Հայկական լեռնաշխարհի մէջ, սովորութիւն էր երկրագործին արտը օրհնել, և այդ արարողութիւնը կը կատարուէր քահանային ձեռքով, կալուածատիրոջ կամ նոյնիսկ բովանդակ գիւղի բնակչութեան ներկայութեամբ, ուր իրենց մեծ տեղն ունէին հողամշակները՝ հանդերձ իրենց ընտանի կենդանիներուն: Արդարեւ, անցեալին մեր ժողովուրդին համար որ մեծաւ մասամբ երկրագործ եղած է, մեծ նշանակութիւն ունեցած է արտերու օրհնութիւնը: Այս արարողակարգը վաղուց կը կատարուէր բնութեան ծոցը, բացօթեայ, նախընտրաբար բլուրի մը վրայ, ուրկէ կը պարզուէին չորս կողմերը: Հետագային՝ կլիմայական պայմաններու պատճառով, անդաստանը եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուած է, որմէ ետք եկեղեցւոյ ատեանին մէջ:

Անդաստանը Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին տեղի կ'ունենայ, որովհետեւ արտերուն օրհնութիւնը կը կատարուէր Առաւօտեան Ժամերգութեան վերջաւորութեան: Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն՝ «անդաստան ելանել» կամ «անդաստան օրհնել» կը նշանակէ եկեղեցւոյ ատեանին մէջ շրջելով՝ աշխարհի չորս կողմերը օրհնել խաչով, խաչվառով և Աւետարանով: Այսպէս, եկեղեցականները թափօր կազմած ատեան կ'ելլեն, իրենց ընկերանալով փուրվառակիր սարկաւագը, մոմակալներ և խաչվառ բռնող դպիրները: Այնուհետեւ անոնք դէմքերնին դէպի Արեւելք դարձնելով առաջին հերթին հանդիսաւոր կերպով կ'օրհնեն արեւելեան կողմը, ապա Արեւմուտքը, Հարաւը և Հիւսիսը:

Սկզբնական շրջանին՝ Անդաստանի արարողութիւնը Մաշտոցին մէջ եղած է. թէ երբ ժամագիրքին մէջ մտաւ անդաստանը, որոշ կերպով յայտնի չէ. միայն թէ մինչեւ Կիլիկեան կաթողիկոսութեան շրջանը՝ գոյութիւն չունի ան ժամագիրքին մէջ: Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերէն ոչ Օձնեցին և ոչ ալ Անձեւացին իրենց ժամակարգութեան մեկնութեան մէջ կը յիշեն անդաստանը: Հետեւաբար, այս արարողութիւնը մեր ժամասացութեան մէջ մուտք գործած է Կիլիկիոյ շրջանին՝ ԺԲ. ԺԳ. դարերուն: Լատին Եկեղեցին զայն Ե. դարէն ունի: Ընդհանրացած այն կարծիքը կայ թէ անդաստանը մեր մէջ Դեմետրէ դիցուհիին պաշտամունքէն մնացած է, իր քրիստոնէացած ձեւին տակ, ինչպէս Վարդավառին՝ ջուր սրսկելու պարագան:

Մենք անդաստանի ամենանախնական ձեւը ընդ աղօտ կ'ուզենք տեսնել ամենահին ժամանականերէ ի վեր Դ. դարու պատմիչ՝ Զենոբ Գլակի մէջ, ուր Ս. Լուսաւորիչ ձեռքն առնելով Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի աջը, կը տեառնագրէ «շուրջ զամենայն կողմամբն գաւառին»: Անցեալին՝ Հայ Եկեղեցին տարին տասնըհինգ անգամ անդաստան կը կատարէր, գարունէն սկսեալ մինչեւ աշնան վերջաւորութիւնը: Ձմեռը ցուրտին պատճառաւ՝ անդաստան չէին կատարեր, բացի Տեառնընդառաջէն, երբ եղանակը արդէն մեղմացած կ'ըլլար: Այսպէս, Անդաստան կը կատարուի. Գարնանամուտին, Տեառնընդառաջի նախտօնակին: Ծաղկազարդին, առաւօտուն և երեկոյեան: Զատկին, առաւօտուն և երեկոյեան. (նոյնպէս իր հեթանոսական առնչութեան պատճառով): Նոր Կիրակիին, առաւօտուն և երեկոյեան:

Աշխարհամատրան կիրակիին, առաւօտուն: Յինանց Դ. Կիրակիին, երեկոյեան: Երեւման Խաչին: Յինանց Զ. Կիրակիին: Համբարձման, առտու և երեկոյ: Երկրորդ Ծաղկազարդին: Հոգեգալստեան: Տօն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ: Վարդավառին, առտու և երեկոյ: Վերափոխման, առտու և երեկոյ և Խաչվերացին, առտու և երեկոյ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2025, 08:33