«Տէ'ր, որո'ւ պիտի երթանք». Արհի. Յովհաննէս Եպս Թէյրուզեանի խորհրդածութիւնը
Տէր, մարդկութիւնը հասած է այն կարմիր գիծի սահմանաեզրին, ուրկէ ալ պիտի չըլլայ վերադարձ դէպի Քեզ:
Մարդկութիւնը, որ դուն այնքա'ն սիրեցիր մինչեւ մահը Գողգոթայի խաչին, կը տուայտի կեանքի մակընթացութիւններուն մէջ. կը տուայտի յարատեւ խաբէութեան, անհաւատարմութեան, կեղծաւորութեան, այլամերժութեան ... մեղքի ստուերներով պատանքուած:
Տէ'ր, Քու մեծահրաշ Յարութեանդ տօնին, երբ երկնային զօրքերդ երգեն «Քեզ աւետիք խնդութեան...», տո'ւր, որ այդ ցնծութիւնը հրկիզէ նաեւ մեր հոգիները՝ ստեղծուած Քու պատկերիդ նմանութեամբ (Գիրք Ծննդոց 1, 27), որպէսզի ըլլանք քիչ մը նուազ մարդ, եւ քիչ մը աւելի Քրիստոնեայ ...
Որովհետեւ, բարօր կեանքի մը տեսլականին միշտ հետամուտ, անտեսեցինք հետզհետէ ու մոռցանք աստուածային պատուիրաններդ ու արժէքները Քու Սուրբ Աւետարանիդ:
Հասած է պահը խնդրելու Քեզմէ խոնարհաբար. «Տէ'ր, փրկէ' զիս» (Մատթէոս 24, 30), ինչպէս անցեալին աշակերտդ փոթորկայոյզ ալիքներուն վրայ Տիբերական ծովակին:
Քու հզօր ու յաղթական Յարութեանդ տօնին օրը, որքա'ն ճշմարիտ կ'արձագանգեն խօսքերդ, որ արտասանեցիր Վերջին Ընթրիքի ատեն. «Առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել» (Յովհաննէս 15, 5):
Իրօք, «Տէ'ր, որո'ւ պիտի երթանք» (Յովհաննէս 6, 68), որովհետեւ այս աշխարհը սիրել չի' գիտեր ու չգիտցաւ սիրել. կ'ապրի լոկ իր երկնած արհեստական բանականութեամբ արբշիռ:
Տէ'ր, որո'ւ երթանք, երբ Քեզի կը կարօտինք, եւ մի' միայն Քեզի:
Դու միայն գիտես, թէ ո'րքան Քեզի կ'անձկանք, նոյնիսկ երբ այս պահուս ու այս ժամուն մարդիկ կ'ապրին հեռու Քու Յարութեանդ աւետիսէն, ռազմական աւաչներով արբեցած:
Կեանքի խաչուող ուղիներուն վրայ շուարած, Քու Սիրոյդ ծարաւի մեր հոգիներուն համար ալ պագեւէ այդ խաղաղութիւնը, որ Յարութեանդ օրը շնորհեցիր երկչոտ աշակերտներուդ. «Խաղաղութիւն ձեզի» (Յովհաննէս 20, 21)...
Ամէնքս Քեզի պէտք ունինք, որովհետեւ միայն դո'ւն կարող ես մեր կարիքները հասկնալ. եւ բաւարար պիտի ըլլայ Քու մէկ խօսքդ, Քու մէկ հայեացքդ:
Բաւարար պիտի ըլլայ, որ կրկին հացը բեկանես, ինչպէս Եմմաւուսի աշակերտներուդ առջեւ (Ղուկաս 24, 30) ...
Երբ ամէնուրեք երեկոյ է արդէն,
Եւ օրը տարաժամ:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ