ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Ողջոյն եւ Աստուածաւանդ օրհնութիւն
Պատուական Եղբարց Մերոց՝
Արհի․ Արհի․ Արքեպիսկոպոսաց, Եպիսկոպոսաց,
Գերյ․ ու Գերպտ․ Վարդապետաց եւ Արժնպտ․ Քահանայից,
Բարեշնորհ Սարկաւագաց, Առաքինազարդ Մայրապետաց
եւ Հաւատացեալ Ժողովրդեանս
Պատուական Եղբարք եւ սիրեցեալ Որդեակք ի Քրիստոս,
«Ի՞նչու համար կը փնտռէք Կենդանին մեռեալներուն մէջ։
Հոս չէ, Ան յարեաւ» (Ղկ․24,5-6)։
Մարդկային մտքին համար անհասանելի, ժամանակէն ու միջոցէն դուրս, բայց քրիստոնէական հաւատքին գագաթնակէտը եւ կենդրոնական ճշմարտութիւնն է, թէ Յիսուս Քրիստոս յարեաւ մեռելներէն, իր մահով յաղթեց մահուան եւ իր խաչով կեանք տուաւ մեռելներուն։
Ահաւասիկ, անցան մեծպահքի քառասուն օրերը, երբ բոլորս մեր կամքի ոյժի չափով կատարեցինք դարձի ճամբուն վրայ մեր քայլերը դէպի Աստուած։ Անմիջապէս յաջորդող միաշաբաթեայ պահքի օրերը, որոնք Հայոց մէջ Աւագ Շաբաթ կը կոչուին, ապրեցանք ու վկայեցինք Քրիստոսի տնօրինական արարքներուն, զորոնք Ան կատարեց, ամբողջացնելու համար մեր թերացած քայլերը՝ ի սէր եւ ի գին մեր փրկութեան։
Արդարեւ, Տէրը՝ Ի՛նքը նախապէս յայտնեց, թէ Մարդու Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս պարտի չարչարուիլ, մեռնիլ եւ ապա յառնել։ Զատկական իրադարձութիւններուն շրջագիծէն ներս, պատմութենէն գերիվեր կը մնայ, մեր հաւատքին խորախորհուրդ կենդրոնի իր հանգամանքով, Աստուածային «ի սպառ սէրը» (Յվհ. 13,1), որ մղեց ի յաւիտենից Տէր Աստուածը խոնարհիլ ու մարդեղանալ։ Եւ առնելով ծառայի կերպարանքը՝ Օծեալն ենթարկուեցաւ հարուածներուն, բայց գիտցաւ համբերել ցաւերուն եւ Ան դատապարտուեցաւ մեր մեղքերուն համար ու մենք Իր վէրքերով բուժուեցանք (Ես. 53,3-6)։
Յարութեան զատկական առաւօտը սկիզբ եղաւ համայն մարդկութեան համար նոր ժամանակաշրջանի կառուցումին, քանի իր մէջ կրկնակի երեւոյթ մը առկայ է: Իր մահով՝ Յիսուս կ’ազատագրէ մեզ մեղքի գերութենէն, իսկ իր Յարութեամբ՝ մեր առջեւ կը բանայ մուտքը նոր կեանքին՝ աստուածտեսութեան։
Այսօր, մեր հաւատքը փորձութեան կ’ենթարկուի մեր աշխարհն ալեկոծող բարձրակոչ անարդարութենէն, հեշտասէր կեանքի մեծաշուք, բայց սին խոստումներէն եւ մեր հոգին ու միտքը խռովեցնող իրարու հանդէպ սիրոյ պակասէն։
Աստուածային Վարդապետին չարչարանքին ու խաչին վրայ Անոր մահուան դիմաց՝ առաքեալներուն հաւատքն ալ արմատական փորձութեան ենթարկուեցաւ եւ նոյնիսկ անմիջապէս չհաւատացին Յարութեան լուրին ու գերեզմանէն վերադարձած սուրբ կիներուն «խօսքերը զառանցաք թուեցան աշակերտներուն» (Ղկ․ 24,11)։ Իր եղբայրներուն հաւատքն ամրապնդելու կոչուած Պետրոս հաւատաց Յարուցեալին, եւ անոր վկայութեան վրայ հիմնուելով է, որ անոնք կ’աղաղակեն․«Արդարեւ, Տէրը յարութիւն առաւ եւ երեւեցաւ Սիմոնին» (Ղկ․ 24,34)։
Այս տարի, Ս․ Պետրոսի յաջորդը՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեզ կը գօտեպնդէ ու կը հրաւիրէ ապրելու «Յոյսի» յոբելենական տարին, որպէսզի աստուածային շնորհքին ներգործութեամբ՝ մեր հաւատքը վերստին ծնունդ առնէ Տիրոջ հրաշափառ Յարութեան հանդէպ եւ զօրանայ գործունեայ արարքներով։
Մեր յատուկ վերյիշեցումն է Ձեզի, թէ յարուցեալ Քրիստոս Սկիզբը եւ Աղբիւրն է մեր ապագայ յարութեան․«Քրիստոս յարեաւ մեռելներէն, Անդրանիկը ննջեցեալներուն։ Ինչպէս բոլորը կը մեռնին Ադամով, նոյնպէս բոլորը պիտի վերակենդանան Քրիստոսով» (1Կոր․ 15,20-22)։ Յաւիտենականութեան համար պայքարի մեր ճամբուն վրայ յիշենք, որ այսօր աշխարհին վրայ յարուցեալ Քրիստոս կ’ապրի իր հաւատացեալներու սրտին մէջ։
«Յիսուս Քրիստոս, որ մեռաւ եւ յարեաւ, Աստուծոյ աջ կողմն է, Միջնորդն է մեզի համար» (Հռմ. 8,34), բազմապատիկ կերպով ներկայ է իր Եկեղեցիին մէջ, իր Եկեղեցիին աղօթքին մէջ (Մտթ. 18,20), աղքատներու, մերկերու, հիւանդներու, գաղթականներու եւ բանտարկեալներու մէջ (Մտթ. 25,31-46), իր կողմէն հաստատուած Ս. Խորհուրդներուն մէջ, բայց ամէն բանէ վեր՝ Ան ներկայ է Ամենասուրբ Հաղորդութեան մէջ։
Զատկական տօնին առիթով՝ կը շնորհաւորենք բոլորդ, մինչ կը մաղթենք Յարուցեալին օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը, հայրաբար կը յորդորենք Ձեզ, որ տարուան ընթացքին մասնակցիք Ս. Պատարագին, ճաշակէք զօրութիւնն Անոր եւ մնաք հաւատարիմ քրիստոնէական արժէքներուն:
Մեր հայրապետական մաղթանքին անմասն չենք կրնար թողուլ մեր յոյժ սիրելի Լիբանանը, Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը՝ վստահեցնելով Մեր օրնիբուն աղօթքը իբր գրաւականն անդորր ներկային եւ պայծառ ապագային:
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:
Տուեալ ի Պատրիարքական յԱթոռոյն, որ ի Զմմառ, Լիբանան, յամի Տեառն 2025, ի քսաներրորդ աւուրն ամսեանն Ապրիլի, ի տօնի «Յարութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի», եւ ի չորրորդ ամի Հայրապետութեան Մերոյ:
X ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ