Որոնել

Aftermath of a strong earthquake, at Pyawbwe township, Mandalay

Միանմար՝ զօրակցութիւն առանց սահմաններու եւ խտրականութեան

«Մանտալայի կաթողիկէ արտակարգ փրկարարական խումբը»՝ Եպիսկոպոս Մարքօ Թին Ուինի կազմակերպութեամբ, առարկայական օգնութիւն կը ցուցաբերէ անոնց, որոնք ստիպուած են ապրիլ փողոցներու մէջ մարտին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի ժամանակ իրենց տուները կորսնցնելէն ետք։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մանտալայի Եպիսկոպոս Մարքօ Թին Ուինը մէկ շաբաթ է ի վեր կը քնանայ Միանմարի հիւսիսային հատուածի մէջ տեղակայուած Սուրբ Սիրտ տաճարի տարածքին վրայ՝ հարիւրաւոր այլ փախստականներու հետ միասին։ Եկեղեցին տուժած է 28 Մարտի աւերիչ երկրաշարժէն եւ կը գտնուի անապահով վիճակին մէջ։ Եպիսկոպոսը ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրած է անօթեւաններուն, որոնց հետ կը կիսէ անոնց ցաւն ու անկայուն վիճակը, մինչ ամէնէ աղքատներուն եւ ամենախոցելիներուն՝ հասանելի կը դարձնէ աշխարհի տարբեր ծայրերէն նուիրաբերուած կենսամիջոցներն ու օգնութիւնը։

Առարկայական օգնութիւն բոլորի համար

Առանց սահմաններու եւ խտրականութեան այս զօրակցութեան ծիրէն ներս՝ ուղղուած բոլոր կրօններու հաւատացեալներուն՝ քրիստոնեաներ, մահմեդականներ, ինդուներ եւ յատկապէս բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող պուտտիսթներ, Մանտալայի Եպիսկոպոսը ստեղծած է յատուկ փրկարարական խումբ՝ «Մանտալայի կաթողիկէ արտակարգ փրկարարական խումբը», որ անընդհատ կը հետեւի իր թեմէն ներս տիրող իրավիճակին, ունկնդրելով եւ առարկայական օգնութիւն ցուցաբերելով քաղաքի փողոցներու մէջ եւ շրջակայ տարածքին վրայ ժամանակաւոր վրաններու մէջ ապրողներուն։

Տեղահանուածները կարիք ունին խմելիք ջուրի եւ սնունդի։ Բացի այդ, խնամքի վատ պայմաններու պատճառաւ կայ շնչառական կամ մաշկաբանական հիւանդութիւններու վտանգ», կը բացատրեն փրկարարական խումբերու կամաւորները, որոնք անխոնջ կերպով սնունդ, ջուր, դեղորայք, ժամանակաւոր կացարաններ, խնամքի պարագաներ կը բաժնեն նաեւ մօտակայ Սակաինկ քաղաքին մէջ, որ նոյնպէս երկրաշարժէն ծանր տուժած է։

Պաշտամունքի վայրերն այժմ անօգտագործելի են

Մանտալայի մէջ միաժամանակ կ’ուսումնասիրուի իրավիճակը եւ կը կազմուին մանրամասն զեկոյցներ եկեղեցիներուն ու հոգեւոր շէնքերուն հասած վնասի վերաբերեալ՝ անոնց շարքին, ի միջի այլոց, զգալիօրէն վնասուած է Մանտալայի Սուրբ Սիրտ տաճարը եւ յատկապէս զանգակատունը։ Բացի այս քաղաքի մէջ գտնուող Սուրբ Ֆրանչէսքօ Սավերիօ եկեղեցին, Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին եւ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցին անօգտագործելի են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2025, 08:00