Որոնել

Փաքիստան, հաւատացեալներ Փաքիստան, հաւատացեալներ  (ANSA)

Փաքիստանի մէջ քրիստոնեաները կը շարունակուին բռնաբարութեան եւ յարձակումի զոհ դառնալ։

Շեյխուպուրա և Ֆեյսալաբադ քաղաքներուն մէջ փոքրամասնութիւնները հալածանքի և անհանդուրժողականութեան ձևեր կ՝ապրին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վերջերս Փաքիստանի մէջ աճող անհանդուրժողականութեան արարքները քրիստոնեաներու նկատմամբ անհանգստութիւն առաջացուցած է հաւատացեալներու մէջ՝ չնայած 2025 թուականին Մեծ Պահքի եւ Ռամատանի համընկնման ժամանակ քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներու միջեւ երկխօսութեան եւ բաժնեկցութեան պահերուն։

Ողբերգական դէպքերուն շարքին մարտ 25ինին, ամուսնութեան ժամանակ քրիստոնեայ զոյգ մը՝ Ատնան Մասիհ եւ Շումայլա ենթարկուեցան կողոպտումի իսկ Շումայլա բռնաբարուեցաւ այն բանէն յետոյ երբ աւազակները բացայայտեցին անոր քրիստոնեայ հաւատքը։ Ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեայ երիտասարդի վրայ յարձակումը մեղադրելով զայն հայհոյանքի յանցանքով։

Ի տես այս ցաւալի դէպքերուն, Պատգամաւոր Թահիր Սինհուն համերաշխութիւն յայտնելով դատապարտեց զոհերուն կողմէ ստացուած սպառնալիքները։

Հայր Լազար Ասլամ անդրադառնալով Փաքիստանի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններուն խոցելիութեան ընդգծելով, որ բռնութիւնն ու խտրակնաութիւնը դաժան իրականութիւններն են։

Կաթողիկէ Աքաշ Պաշիր անունով կաթողիկէ երիտասարդ մը մարտիրոս հռչակուեցաւ, 2015 թուականին, իր ժողովրդապետութիւնը ահաբեկչական արարքէն պաշտպանելուն համար ու կը շարունակէ ոգեւորել քրիստոնեաները նպաստելու իրենց երկիրներու մէջ տարբեր կրօններու միջեւ միութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2025, 08:15