Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը՝ Աստուծոյ Խոնարհ Ծառան. Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերջին երեք քահանայապետերը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. (1978-2005), Պենետիկտոս ԺԶ. (2005-2013) եւ Ֆրանչիսկոս Ա., իւրաքանչիւրը տարբեր կերպով ազդեցին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վրայ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Յատկանշուեցաւ իր իր սրբակեաց կեանքով. ան հսկայական ուշադրութիւն տուաւ երիտասարդութեան եւ միջկրօնական երկխօսութեան։ Պենետիկտոս ԺԶ. իր գրչով ու մտածումներով փորձեց պաշտպանել աւանդական հաւատքի հիմքերը՝ դիմադրելով ժամանակակից աշխարհի քայքայիչ հոսանքներուն: Ան աւելի ներքին աշխատանքի եւ հաւատքի արմատական մաքրութեան կողմնակից եղաւ։ Ֆրանչիսկոս Ա.,որ առաջին ոչ-եւրոպացի քահանայապետը եղաւ 1200 տարուան ընթացքին, շեշտեց Եկեղեցւոյ դէմքը որպէս աղքատներուն եւ լուսանցքին վրայ գտնուողներուն պաշտպան: Իր պարզութիւնը, հեզութիւնը նոր հոգեւոր շունչ տուին Եկեղեցւոյ։ Այս երեք քահանայապետերը, իւրաքանչիւրը իր միջոցին ու ոճով, ձգտեցան Եկեղեցին աւելի արդիական դարձնել, սակայն հաւատարիմ մնալով սուրբ աւանդութեանց:
Ֆրանչիսկոս քահանայապետ իր ընտրութենէն երկու տարիներ ետք՝ 2015-ին զիս անուանեց իբրեւ օգնական եպիսկոպոս հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմին: Իր հետ առաջին հանդիպումէն իսկ, զգացի անոր խոնարհութիւնը եւ ծառայական հոգին: Քահանայապետին այս առաքինութիւնները մեծ տպաւորութիւն ձգած էին իմ վրաս. Ինչ որ զիս մղեց իմ եպիսկոպոսական կենաքիս ընթացքին, հետեւելու անոր խոնարհ օրինակին, ուսուցումներուն եւ յորդորներուն՝ ապրելու համար ծառայական կեանք մը եւ աճելու եկեղեցական եւ հոգեւոր կեանքիս մէջ:
Այն ինչ որ իմ սրտիս մէջ խոր ազդեցութիւն ձգած է Ֆրանչիսկոս քահանայապետին նկատմամբ՝ անոր հիւանդներուն, աղքատներուն եւ փոքրերուն հանդէպ ունեցած գուրգուրանքն էր: Այս յատուկ գուրգուրանքը աղքատներուն հանդէպ, որոնց հետ յաճախ սեղան կը նստեր եւ միասին կը ճաշէր:
Այդ պատճառով իր թաղման արարողութեանց, աղքատներու համար յատուկ անկիւն մը տրամադրուեցաւ, որպէսզի անոնք ալ իրենց սէրն ու յարգանքը մատուցեն այն անձին, որ զիրենք շատ սիրեց:
Յատուկ արտօնութեամբ նաեւ թաղման արարողութեանց մասնակցեցան բանտարկեալներ: Յիշենք, որ հակառակ իր հիւանդութեան, քահանայապետը իր վերջին աւագ հինգշաբթի օր գնաց եւ բանտարկեալները այցելեց։
Ի վերջոյ պէտք է յիշել, որ ան յատուկ սէր ունէր մեզի՝ հայերուս նկատմամբ:
Ինչպէս կարելի է մոռնալ հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումը. երբ ան Ս. Պետրոս տաճարին մէջ պատարագ մատուցանեց հայազգի նահատակներու հոգիներուն համար. եւ բոլոր աշխարհին յայտարարեց, թէ ինչ որ պատահած էր հայոց, առաջին համաշխարհային պատերազմին, Ցեղասպանութիւն է:
Ան նաեւ հայազգի մեծ սուրբը՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացին, ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ անուանեց: Առաւել՝ ան հայ եկեղեցւոյ սուրբերու անուանացանկին ներառեց նաեւ` երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը, որուն սրբադասման պիտի մասնակցի երկինքէն:
Ի վերջոյ պատմութիւն մը պիտի պատմեմ Ս. Ֆիլիփ Ներիի (Filippo Neri 22 July 1515 – 26 May 1595) վախճանման պահէն:
Սուրբը իր կեանքը անցուցած էր լքուած որբերու ծառայելով: Երբ ան մահացաւ, խոր յուզում տիրեց բոլոր իր երեխաներուն վրայ: Անոնցմէ փոքրիկ մը մտնելով սուրբին սենեակը ուզեց տեսնել զինք վերջին անգամ ըլլալով: Եւ յանկարծ հրաշքով մը փոքրիկին աչքերը բացուեցան եւ տեսաւ իրեն սիրած սուրբը երկինքի մէջ: Դուրս ելլելով սենեակէն սկսաւ աղաղակել՝ « երկինքն է. երկինքն է»: Այս աղաղակը ուրախութեան ալիք մը բարձրացուց բոլորին վրայ եւ անոնց տխրութիւնը վերածուեցաւ փառաբանութեան:
Մենք ալ եթէ բացուին մեր աչքերը պիտի տեսնենք մեր սիրելի քահանայապետը, եւ նման այն երեխային պիտի աղկաղկենք « մեր քահանայապետը երկինքն է»:
Թող անոր աղօթքները մեզի հետ ըլլան. Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ