«Pax Christi»ի համար ոչ բռնութիւնը խաղաղութեան բանալին է
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ոչ բռնութիւնը ապրելակերպի ընտրութիւն մըն է, որ մեզ կը հրաւիրէ վերադառնալ հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ դէպի աշխոյժ քաղաքացիութիւն, որ կարող է հասարակական-քաղաքական ազդեցութիւն ունենալ հանրային ոլորտէն ներս: Այս է, որ կ’առաջարկէ «Pax Christi International» կաթողիկէ խաղաղութեան շարժումը, որպէս վերազինման այլընտրանք։ Անոր Ընդհանուր Քարտուղար Մարթա Ինէս Ռոմերոն Վատիկան Նիուզ – Ռատիօ Վատիկանին տուած հարցազրոյցի ատեն առաջարկած է հակամարտութիւնները լուծելուն ուղղուած գործողութիւններու քանի մը ուղղութիւններ։
«Վերազինումը կը մեծցնէ բռնութեան պարոյրը, իսկ բռնութիւնը չի կարող լուծել հակամարտութիւնները տեւական կամ համապարփակ կերպով», կը բացատրէ ան։ Ընդհակառակը, «մենք վստահ ենք եւ ունինք պատասխանատուութիւն՝ կանխելու բռնի հակամարտութիւնները ոչ բռնի միջոցներով։ Մենք համաձայն ենք Ֆրանչիսկոս Պապի հետ առ այն, որ «պատերազմը միշտ ալ մարդկութեան պարտութիւնն է» աւելցուցած Ան։
Պատասխանելով ապա լրագրողի հարցին, թէ՝ ի՞նչպէս կարելի է «զինաթափել բառերը, մտքերը եւ Երկիր մոլորակը», յորդոր, որ Սրբազան Պապը տարբեր անգամներ պնդած է, Ռոմերոն նշեց, որ այդ մէկը ընելու համար հարկաւոր է շեշտը դնել երկխօսութեան համար յարգալից եւ ներառական տարածքներու ստեղծման վրայ՝ որտեղ մարդիկ կարող են արտայայտուիլ առանց սահմանափակումներու եւ ճանչնալ մէկը միւսի մշակութային բազմազանութիւնը:
Մշակոյթները արժեւորելու, կեանքի պաշտպանութիւնը եւ նախնիներու մշակոյթը խթանելու մասին հոգ տանիլը, ինչպէս նաեւ «բնապահպանական հոգեւորութիւնը», ըստ Ռոմերոյի բոլորն ալ արտայայտութիւններ են, որոնք ոչ բռնի ձեւով կը դիմադրեն դիտելու տարածքները կարեւոր օգտակար հանածոներ արդիւնահանելու կարողութեան տեսանկիւնէ միայն՝ առանց հաշուի առնելու այնտեղ բնակուողներու ներկան ու ապագան։
Որոնք են առարկայական քայլերը
Ռոմերոն ի վերջոյ թուարկեց թէ որոնք են այդ նպատակին հասնելու առարկայական քայլերը՝ ճանչնալ ուրիշներու արժանապատւութիւնը եւ պարտաւորուիլ վերականգնել հակամարտութիւններու եւ անարդարութիւններու հետեւանքով պատճառուած վնասը՝ սկսելով այն անձնական, յարաբերութիւններու, մշակութային եւ կառուցուածքային մակարդակներով: Անհատականառումով՝ մտածել, երեւակայել, զգալ, համարձակիլ, ապրիլ հոգեւորութիւնը փոխակերպող ուժով։ Մինչ հաւաքական առումով՝ ճնշում գործադրել քաղաքացիական եւ հասարակական շարժումներու վրայ՝ ազդելով որոշումներ կայացնողներու վրայ։ Աշխոյժ քաղաքացիութիւն գործադրել կը նշանակէ տարբերակել եւ ընտրել կաշառակերութեան եւ ազնւութեան միջեւ՝ յանուն ընդհանուր բարօրութեան, եզրափակեց «Pax Christi International»ի Ընդհանուր Քարտուղարը։
Նշենք, թէ՝ Ռոմերոն կը պաշտօնավարէ կազմակերպութիւնը 2023 թուականի Յունուար 1էն, իսկ մինչ այդ աւելի քան 15 տարի եղած է Լատին Ամերիկիոյ եւ Կարիբեան աւազանի մէջ «Pax Christi»ի համակարգողը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ