Քրիստոնեաներ վախ մի ունենաք, Երուսաղէմը բոլոր ժողովուրդներուն տունը պիտի ըլլայ. Կարդինալ Փիցցապալլա
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներու ձայնը, ըլլայ տեղացիներունը ըլլայ ուխտաւորներունը` կիրակի 13 ապրիլին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, բարձր հնչեց Երուսաղեմի մէջ՝ ուժով ըսելու, որ վախ չկայ, որովհետեւ որպէս «լոյսի և Յարութեան, կեանքի զաւակներ», իրենք կ՛ապրին յոյսով և հաւատքով, այն վհատութեամբ որ սէրը «կը յաղթէ ամէն բանի»։
Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա, Ծաղկազարդի տօնին առիթով պատգամ մը ուղղելով Սուրբ Երկրի հաւատացեալներուն ու նաեւ Յորդանանի եւ Կիպրոսի քրիստոնեաներուն, որոնք «իտէալական կերպով կ՛աղօթեն մեզի հետ ու մեր հետ մտան Երուսաղէմի Սուրբ քաղաք», հաստատեց թէ «Յիսուսին չարչարանքներուն ականատես եղող վայրերուն մէջ ապրող քրիստոնեաները», միացած են, բոլոր անոնց «որոնք այսօր կ՛ապրին իրենց չարչարանքը»
Յիսուսին չարչարանքը Աստուծոյ աշխարհին համար վերջին խօսքը չէ, նկատել տուաւ Ծիրանաւորը, վերջին խօսքը յարութիւնն է եւ ահա այս է այն ինչ որ կ՛ուզեն հաստատել Սուրբ Երկրի քրիստոնեաները։
Քրիստոնեաներու միջեւ միութիւնը, մէկը միւսին թիկունք կանգնիլը, զիրար ներելը փոխադարձաբար կը վկայեն թէ ոչ մէկ բան կարող է հաւատացեալները բաժնել Յիսուսի սէրէն։
«Քրիստոնեաները վախ չունին անոնցմէ որոնք կ՛ուզեն բաժնել, անորմէ որ կ՛ուզէ բացառել, կամ անորմէ` որ կ՛ուզէ Երուսաղէմ` Սուրբ քաղաքին հոգիին տիրանալ, որովհետեւ, «Երուսաղէմը մշտապէս եղած է եւ պիտի ըլլայ` բոլոր ժողովուրդներուն աղօթքի տունը, եւ ոչ մէկը կարող է զայն սեփականացնել», հաստատեց ի միջի այլոց իր պատգամին մէջ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը դիտել տալով նաեւ, թէ «կարելի չէ որ Սուրբ Քաղաքի քրիստոնեաները բաժնուին, որովհետեւ անոնք կը պատկանին Քրիստոսի սիրոյն եւ ասոր համար անոնք կը կառուցեն եւ չեն կործաներ, գիտեն ատելութեան պատասխանել սիրով եւ միութեամբ եւ մերժումին կը համապատասխանեն հիւրընկալութեամբ»։
Երուսաղէմը վայրն է Քրիստոսի մահուան ու Յարութեան, վայրն է հաշտութեան, վայրն է սիրոյ մը, որ կը փրկէ եւ կը շրջանցէ ցաւին ու մահուան սահմանները, այս է քրիստոնեաներուն կոչումը. «կառուցել, միացնել, վար առնել պատերը եւ յուսալ հակառակ ամէն յոյսի»։
«Ուստի վեր բարձրացնենք մեր հայեացքը նորոգելով խաղաղութեան եւ միութեան շօշափելի ու անկեղծ յանձնառումը, Քրիստոսի սիրոյն զօրութեան վրայ հաստատ վստահութեամբ» եղաւ Կարդինալ Փիցցապալլային հրաւէրը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ