ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (24)
24.- ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԿԻՊՐՈՍ
Եգէական ծովը ճեղքելով նաւը կը սուրար, սակայն Մխիթարի վիճակը միշտ աւելի կը վատանար. նաւը կը ճոճուէր, անտանելի տաքը կը խեղդէր, ջերմը կը տապալէր։ Այս արտաքին տառապանքներէն բոլորովին հիւծած՝ ներքին յոյզերու տագնապը սաստկանալով խեղդող կը դառնայ, յատկապէս երբ նաւուն վրայ կաթողիկոսն ու եպիսկոպոսը աննշան հարցի մը պատճառով վէճի կը բռնուին եւ այնքան կը բռնկին, որ իրենց կոպիտ արտայայտութիւնները՝ լեզուն չիմացողին համար անգամ խօսուն էին։
Մօտաւորապէս մէկ ամսուան ճամբորդութիւն մը կատարել այս պայմաններուն մէջ անտանելի եւ աներեւակայելի էր, յատկապէս գիտնալով որ նաւուն վրայ առատ մաքուր ջուր անգամ կարելի պիտի չըլլար գտնել, որ բաւարարէր ջերմով տառապող անձի մը ծարաւը յագեցնելու. տապահար մահուան դուռը հասնիլը աւելի քան վստահ էր։
Այս ամէնը նկատի առնելով, Մխիթար սարկաւագ կը համոզուի որ այդ ճամբորդութենէն պէտք է խոհեմութեամբ հրաժարէր, նոյնիսկ եթէ իր այդ վիճակով օտարութեան մէջ բոլորովին առանձին, շատ դժուար պիտի ըլլար։ Այս ամէնը, որպէս աստուածային կամքի դրսեւորում, Աստուծոյ ձեռքէն ընդունելով՝ կը յանձնուի աստուածային ամենախնամ գթասիրութեան, միշտ Աստուծոյ կամքը փնտռելու եւ կատարելու պատրաստակամութեամբ։
Նաւապետին հետ համաձայնութիւններ կնքելու համար նաւ ելած էր վաճառական մը, որ Կիպրոս պիտի վերադառնար իր մակոյկով որ նաւուն կապած էր։ Մխիթար վճռակամ, կը մօտենայ նաւապետին, եւ կը խնդրէ որ ինքն ալ այդ վաճառականին հետ նաւէն իջնէ եւ ցամաք երթայ։ Նաւապետը ուրախութեամբ կը համաձայնի ընդառաջել, իր ուսերէն ծանր բեռ մը վար դնողի թեթեւութեամբ։
Այսպէս, Մխիթար հրաժեշտ կ՚առնէ իր սիրելի Յովհան եպիսկոպոսէն, բարի ճանապարհ կը մաղթէ դէպի Հռոմ եւ այդ վաճառականի նաւակը կը նստի։ Մինչ նաւը կը շարունակէ իր ընթացքը, իրենք ետ կը վերադառնան Կիպրոս եւ Մխիթար սարկաւագ կ՚իջեւանի այնտեղ՝ ուր որ բնակեր էին։ Բոլորովին անտէրունջ, յաջորդ օրը գրաստ մը վարձելով կ՚երթայ Սաղամինա քաղաքը, ուր հայեր կ՚ապրէին եւ հայ եկեղեցւոյ կից իջեւանատան մէջ կ՚օթեւանի։ Երեք օր ետք, երբ հիւանդութիւնը չի մեղմանար եւ ջերմը չի թողուր, տեղաբնակ հայերը զինք ջորիի մը վրայ դնելով, մէկ օրուան ճամբայ կտրելով, կը տանին Ս. Մակարի վանքը, կրօնաւորներու խնամքին յանձնելով նորեկ սարկաւագը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ