Որոնել

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին  

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Վարդապետ Տիեզերական Եկեղեցւոյ

Այսօր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին իր երկերով իր աստուածաբանական եւ հոգեւոր կեանքի հեղինակութեամբ ոչ միայն պայծառ աստղ մըն է հայ քրիստոնեային համար, այլ եւ լուսաւոր արեգակ մը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ։ Իր դաւանութեամբ ան մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի “Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք”՝ դէպի Յիսուս Քրիստոս, Աստուածային Վարդապետը։

Հայր Ներսէս վրդ. Սագայեան

“Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ”՝ “Եկեղեցւոյ Ուսուցիչ” (Doctor Ecclesiae) տիտղոսը Եկեղեցին կու տայ այն սուրբերուն, որոնք աստուածաբանութեան, հոգեւոր կեանքի եւ բարոյական սկզբունքներու յատուկ նպաստ մը տուած են քրիստոնէական իրականութեան մէջ։ Այս տիտղոսին արժանանալու համար նկատի կ՚առնուին տուեալ անհատի սրբակեաց կենցաղը, անոր ուղղափառութիւնը եւ հեղինակութիւնը հրամանակարգ եւ բարոյական աստուածաբանութեան մէջ։

“Եկեղեցւոյ Վարդապետ” անուանումը կը գործածուի արդէն 13րդ դարէն եւ յառաջացած է “Եկեղեցւոյ Հայր” Տիտղոսէն։ Մինչ “Եկեղեցւոյ Հայր” տիտղոսը կը տրուի միայն Եկեղեցւոյ պատմութեան նախնական շրջանին կամ միջին դարերուն գործած անձնաւորութիւններուն, “Եկեղեցւոյ Վարդապետ” տիտղոսի շնորհումը պատմական յատուկ ժամանակամիջոցի մը մէջ սահմանափակուած չէ։

Բենեդիկտոս 14րդ Սրբազան Քահանայապետը հետեւեալ կէտերով կը բնութագրէ “Եկեղեցւոյ Վարդապետ”ի տիտղոսի տուչութեան պայմանները՝

Ա. Ուղղափառութիւն Վարդապետութեան մէջ կամ Եկեղեցւոյ ուսուցման հաւատարմութիւն

Բ. Սրբակեաց կենցաղ

Գ. Կարկառուն ուսուցում կամ գիտական բացառիկ նուաճում

Դ. Պաշտօնական ընկալում եւ անուանում Եկեղեցւոյ կողմէ՝ յանձին Սրբազան Քահանայապետին կամ պատասխանատու Ժողովին։

Եկեղեցւոյ Վարդապետ տիտղոսի առաջին տուչութիւնը կատարուած է Բոնիֆացիոս 8րդ Քահանայապետի կողմէ՝ 1295 թուականին, տրուած Միլանոյի Ամբրոսիոս Եպիսկոպոսին։ Մինչեւ այսօր այս տիտղոսը կը կրեն 37 անհատներ՝ 33 այր մարդիկ եւ 4 կիներ։

Քրիստոնէութեան առաջին եւ երկրորդ դարերուն արդէն կը յիշուի ուսուցման պաշտօնը Տիտախէ կոչուած փաստաթուղթին մէջ, որ կը վերագրուի առաքեալներուն՝ պատրաստուած հաւանաբար Ասորի Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ։ Այս գրութիւնը, որ մինչեւ 19րդ դար ծանօթ էր միայն եկեղեցւոյ հայրերու երկերուն մէջ կատարուած մէջբերումներէն, 1873 թուականին յայտնաբերուած է եւ հրատարակուած ամբողջութեամբ։

Ուսուցանելու, վարդապետելու պաշտօնին հիմն է Յիսուս Քրիստոսի քարոզութիւնը (Բ. Տիմ Բ. 2։ Բ. Թես Բ. 15։ Մտթ ԺԸ. 19) Եկեղեցւոյ Վարդապետները մեզի կը փոխանցեն Աստուածային Վարդապետին, Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումը։

Հայ Եկեղեցւոյ մէջ վարդապետական աստիճանը ունի իր իւրայատուկ աւանդութիւնը եւ իր յատուկ կարգավիճակը Եկեղեցիէն ներս։

10 տարիներ առաջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։ Ս. Գրիգոր Նարեկացի ինքն իսկ մեզի կու տայ վարդապետի պաշտօնի քանի մը նկարագրականներ։ Քրիստոսի մասին խօսելով ան կը գրէ. “Ան, որ ամէն ինչ ստեղծեց եւ ամէն ինչի կեանք կու տայ՝ նախ ստեղծագործեց՝ իսկ այժմ կը ներգործէ անոնց մէջ։ Գոյութիւն տուաւ, սակայն միշտ կը կատարէ հրաշալիքներ եւ սքանչելիքներ ... կը ներշնչէ մարգարէներ, առաքեալներ եւ վարդապետներ՝ հանճարի կրթութեան վարժեցնողներ։” (Բան ՀԵ. 8)

Ըստ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, վարդապետը “հանճարի կրթութեան վարժեցնողն է”։ Իսկ ուսուցանել կարող է այն անձը, որ ինքն իր կարգին “վարժեալ” է ուսումներու մէջ։

Ս. Առաքեալներու ներբողին մէջ Գրիգոր Նարեկացի կը գրէ. “Արդ, Երրորդութեան իսկութիւնը ձեր միջոցով ճանչցուեցաւ, եւ արարիչը ձեր միջոցով հռչակուեցաւ եւ Աստուծոյ Որդին ձեր բերնով քարոզուեցաւ, եւ երկնային բարիքներու անքննելի խորհուրդը երկրի վրայ յայտնուեցաւ։“ (Ներբող Առաքելոց Ի.)

Այսօր Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին իր երկերով իր աստուածաբանական եւ հոգեւոր կեանքի հեղինակութեամբ ոչ միայն պայծառ աստղ մըն է հայ քրիստոնեային համար, այլ եւ լուսաւոր արեգակ մը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ։ Իր դաւանութեամբ ան մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի “Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք”՝ դէպի Յիսուս Քրիստոս, Աստուածային Վարդապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2025, 08:00