Որոնել

Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

«Օրհներգութիւն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Ինչպէս Սուրբ Գրիգորը լուսաւորեց Հայ ժողովրդին Քրիստոսի լոյսով, մենք նոյնպէս կոչուած ենք այսօր ըլլալ այդ լոյսի տարածողներ ։ Կոչուած ենք Ս. Գրիգորի նման՝ տարածել Աւետարանը սիրով, համբերութեամբ եւ քաջութեամբ՝ յատկապէս փորձութիւններու եւ հալածանքի դիմաց։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի խոր վիրապ մտնելու եւ սոսկալի չարչարանքներու տօնը մեզի համար առիթ մըն յարգելու եւ յիշելու սուրբին կեանքն ու ժառանգութիւնը. անձ մը, որու հաւատքը եւ համբերութիւնը յանգեցան քրիստոնէութեան հաստատման Հայաստանի մէջ: Սուրբ Գրիգորի կեանքը ոչ միայն ապացոյց է իր հաստատ հաւատքին, այլեւ ան Աստուծոյ լուսաւորման զօրութեան հաւաստիքն է, որ տակաւին կը շարունակէ լուսաւորել աշխարհ մը, որ յաճախ ճշմարտութիւնը կը թաքցնէ մթութեան մէջ։

Սուրբ Գրիգորի պատմութիւնը կը սկսի քրիստոնէական հաւատքի համար դժուարին ժամանակներուն։ Ան կը ծնի ազնուական ընտանիքի մը մէջ, եւ տակաւին մէկամսեայ մանուկ, քաղաքական պատճառներու հետեւանքով կը տարուի Կապադովկիայի Կեսարիա քաղաքը: Հոն անմիջապէս կը մկրտուի՝ Գրիգոր անունը կրելով (յունարէն՝ արթուն, հսկող): Նոյն քաղաքին մէջ կը ստանայ բարձրագոյն կրթութիւն Փիրմիլիանոս արքեպիսկոպոսի հովանիին տակ, ձեռք բերելով քրիստոնէական դաստիարակութիւն։

Երբ «Յարբունս հասակի հասեալ», Գրիգոր կը մտնէ արքունական ծառայութեան: Այն ժամանակներուն Հայոց արքան՝ Տրդատ Գ. Մեծը, հետեւելով հռոմէական Դիոկղետիանոս կայսրի օրինակին, հրովարտակով մը արգելել էր նոր կրօնքը՝ քրիստոնէութիւնը. եւ հրամայեր էր դաժանօրէն հալածել քրիստոնեաները։ Արքան իմանալով Գրիգորի քրիստոնեայ ըլլալը, զինք սոսկալի եւ անպատմելի չարչարանքներու կ'ենթարկէ: Ագաթանգեղոս պատմիչը, իր «Հայոց Պատմութիւն» գրքին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Հայոց պատմութիւնը, յստակօրէն կ'անդրադառնայ Գրիգոր Լուսաւորչի տառապանքներուն ահաւորութիւնը: Պատմիչը կը յիշէ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ, հակառակ տանջանքներուն, չէր ընկրկէր իր հաւատքինէն: Սուրբին հանդուրժողականութիւնն ու համբերութիւնը վկայ էին անոր մեծ հաւատքի հաստատութեան: Գրիգոր չարչարանքներու ժամանակ անդադար կ'աղօթէր. ան այդ աղօթքներէն մէկուն ընթացքին կ'ըսէ՝ «Տէ՜ր, որ հրաշալի վկայ ես՝ սիրոյ ու խաղաղութեան. մի թողուր զիս, որ տանջողներէս հեռու մնամ. այլ քու աստուածային զօրութեամբ ձեւաւորէ զիս այս տառապանքներուն մէջ, որպէսզի, ես ալ Քրիստոսի ուղիով անցնելով՝ ժառանգեմ երկնքի արքայութիւնը»: Երբ Գրիգոր չարչարանքներէն չընկրկեցաւ, զայն խոր վիրապ նետեցին: Վիրապը դարձաւ սուրբին ճգնարանը եւ Աստուծոյ հետ հանդիպման վայրը: Վիրապի խաւարին մէջ ան հանդիպեցաւ Աստուծոյ լոյսին, ինչ որ վերափոխեց անոր կեանքը։ Սուրբին կեանքին այս մասը կը յիշեցնէ մեզի, որ երբեմն ամենամութ տեղերուն մէջ, ամենախորունկ հանդիպումները կրնանք ունենալ Աստուծոյ լոյսին եւ սիրոյ հետ։

Տասներեք տարիներ ետք, Սուրբ Գրիգորը դուրս եկաւ վիրապէն՝ ոչ թէ թշնամանքով կամ վրէժխնդրութեամբ, այլ սիրով լի. սիրով ու առաքելութեամբ՝ տարածելու Քրիստոսի աւետարանը զինք չարչարող ազգին։ Անոր առաքելութիւնը սկսաւ Հայոց Թագաւոր՝ Տրդատ Գ-ի դարձով, որ Ս. Պօղոսի նման կը հալածէր քրիստոնեաները։ Սուրբ Գրիգոր հրաշալի կերպով բժշկեց թագաւորը. իսկ անոր մկրտութեան միջոցով, ամբողջ Հայ ժողովուրդը դարձաւ քրիստոնեայ։

Սուրբ Գրիգորի առաքելութիւնը միայն մի թագաւորի դարձը չէր, այլ անով սուրբը Քրիստոսի լոյսը բաշխեց ամբողջ ազգի մը, որ կը տառապէր հեթանոսութեան խաւարին մէջ։ Ան իսկապէս եւ իրաւացիօրէն կոչուեցաւ «Լուսաւորիչ»: Ս. Գրիգորի այսպիսով հիմնեց հայոց եկեղեցին, որու միջոցաւ Աստուծոյ լոյսը շարունակեց ժայթքել անթիւ սերունդներու կեանքերուն մէջ։
Ինչպէս Սուրբ Գրիգորը լուսաւորեց Հայ ժողովրդին Քրիստոսի լոյսով, մենք նոյնպէս կոչուած ենք այսօր ըլլալ այդ լոյսի տարածողներ ։ Կոչուած ենք Ս. Գրիգորի նման՝ տարածել Աւետարանը սիրով, համբերութեամբ եւ քաջութեամբ՝ յատկապէս փորձութիւններու եւ հալածանքի դիմաց։

Ո՜վ Հայաստան աշխարհի հաւատքի հայր, աստուածագութ ծնող՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ,
Աղաչէ Ս. Երրորդութենէն, որ մաքրէ մեր մեղքերը. որպէսզի Իր պատուիրաններուն հնազանդութեամբ ապրելով փառաւորենք Հայրը, Որդին եւ Ս. Հոգին եւ արժանանաք Երկնքի Արքայութեան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2025, 11:55