Որոնել

2019.04.29 San Giuseppe Lavoratore

Տօն Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորին

Աւետարանիչը զինք կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ մարդը, «արդար», խոնարհ ու համեստ, քաջ ու վեհանձն: Ան կը նուիրուի անվերապահ` մոռնալով ինքզինք: Ան կ՛ապրի ծածուկ կեանք մը: Կը ճանչնայ Ս. Կոյսն ու Յիսուսը ու անոնց կ՛ընկերանայ իրենց ուրախ եւ տխուր առօրեային միշտ Հաւատարիմ:

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր մէկ մայիսին տօնն է Ս. Յովսէփ աշխատաւորին, որ յատուկ դեռ ունեցաւ փրկագործութեան խորհուրդին մէջ: Աւետարանիչը զինք կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ մարդը, «արդար», խոնարհ ու համեստ, քաջ ու վեհանձն: Ան կը նուիրուի անվերապահ` մոռնալով ինքզինք: Ան կ՛ապրի ծածուկ կեանք մը: Կը ճանչնայ Ս. Կոյսն ու Յիսուսը ու անոնց կ՛ընկերանայ իրենց ուրախ եւ տխուր առօրեային միշտ Հաւատարիմ:

Փեսայ մը սքանչելի պահապան` հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն: Ապահով առաջնորդ` իւրաքանչիւրիս: Պատուելու համար մարդկութեան գեղեցկագոյն Ծաղիկը, Ս. Կոյս` Մարիամը, իր Մայիս ամսոյն մէջ:

Ս. Յովսէփ Ս. Կոյսը կը սիրէ, անոր մէջ` կը տեսնէ մեղքի խաւարին մէջ քալող ժողովուրդներուն խոստացուած Մեսիայի մայրը:

Ան կը հիանայ Մարիամի առաւելութիւններուն ու մտածելակերպին վրայ, աղօթքին ու ամփոփումին, ընկերային կեանքին ու գուրգուրալիր ծառայասիրութեան իր զաւկին նկատմամբ:

Սուրբ Յովսէփ աշխատաւորի տօնը հաստատուած է Պիոս ԺԲ Քահանայապետի օրով մէկ մայիս 1955-ին, շեշտադրելու համար աշխատանքի սրբութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2025, 09:17