Որոնել

Աստուած կու գայ նորոգելու աշխարհը և փոխելու մեր կեանքը համայն մարդկութեան համար յոյսով լի իր ծրագրով

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները կարդաց խորհրդածութեան առաջին տողերը ապա նշեց թէ ցնցղատապի պատճառաւ ինք տակաւին դժուարութիւն ունի ճառը կարդալու ու թէ զայն պիտի կարդայ քահանան, յոյս յայտնելով որ յաջորդ անգամ անձամբ կարդայ խորհրդածութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ որ օծեալ Տէրն է» Ղուկաս Աւետարանի երկրորդ գլուխէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 12 Փետրուարի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր Ան ներկայացուց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ի ներկայութեան իտալացի եւ օտարազգի պատկան բազմահազար հաւատացեալներու, շարունակելով Յոբելենական տարւոյն առիթով իր ընտրած «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին նուիրուած խորհրդածութիւններու շարքը, այս անգամ շեշտը դնելով Յիսուսի ծննդավայրին վրայ` Բեթղեհէմը։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները կարդաց խորհրդածութեան առաջին տողերը ապա նշեց` թէ ցնցղատապի պատճառաւ ինք տակաւին դժուարութիւն ունի ճառը կարդալու ու թէ զայն պիտի կարդայ քահանան, յոյս յայտնելով որ յաջորդ անգամ անձամբ կարդայ խորհրդածութիւնը։

Առ այդ Հայր Փիերլուիճի Ճիրոլին շարունակեց ներկայացնել խորհրդածութիւնը` ուր ի միջի այլոց գրուած էր.

Ղուկաս Աւետարանիչը մեզի կը պատմէ` որ Մարիամ հազիւ Յիսուսը յղացաւ գնաց Նազարէթէն մինչեւ Եղիսաբեթի ու Զաքարիայի տունը, ապա երբ մանուկին ծնելու ժամանակը հասած էր, Ան Նազարէթէն Բեթղեհէմ գնաց մարդահամարին առիթով, տրուած ըլլալով, որ Յովսէփը այդ քաղաքէն էր։ Մեսիան` որ այդքան սպասուած էր, թոյլ կու տայ մարդահամարի ենթարկուիլ նման որեւէ մէկ քաղաքացիի։ Ան կը հպատակի կայսրի մը հրովարտակին` Կեսարին` որ կը կարծեր թէ ինք աշխարհի Տէրն էր։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ղուկաս Յիսուսին ծնունդը կը դնէ որոշակի ժամանակի և աշխարհագրական որոշուած վայրի մը մէջ՝ Բեթղեհէմ։ Այսպիսով` Ան մեզի ցոյց կու տայ Աստուած, որ պատմութեան մէջ մուտք կը գործէ առանց խարխլելու աշխարհի կառոյցները, այլ ցանկանալով զանոնք լուսաւորել ու վերստեղծել ներսէն։

Բեթղեհէմ կը նշանակէ «հացի տուն»։ Այնտեղ է` որ կը ծնի Յիսուս, Երկինքէն իջած հացը, յագեցնելու համար աշխարհին անօթութիւնը։ Գաբրիէլ հրեշտակապետը աւետած էր. «Պիտի ծնիս մանուկ մը ու զայն պիտի կոչես Յիսուս։ Ան մեծ պիտի ըլլայ ու պիտի կոչուի Որդի Բարձրեալին։ Տէր Աստուած Անոր պիտի շնորհէ իր հօր Դաւիթի գահը եւ յաւիտեան պիտի թագաւորէ Յակոբի տան վրայ։ Անոր թագաւորութիւնը վախճան պիտի չունենայ» (Ղուկ. 1,32-33)։

Բայց եւ այնպէս Յիսուս կը ծնի թագաւորի մը համար աննախադէպ կերպով։ Ան չի ծնիր թագաւորական պալատին մէջ, այլ տան մը ախոռին մէջ, վայր` որ յատկացուած էր անասուններուն։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ղուկաս այսպիսով ցոյց կու տաղ` որ Աստուած աշխարհին մէջ իր ճամբորդութիւնը կը սկսի հեզութեան մէջ։ Եւ որոնք են այս իրադարձութեան առաջին վկաները` մի քանի հովիւներ, խոնարհ մարդիկ, անկիրթ և հասարակութեան եզրին ապրող անձեր, զոր Աստուած կ՛ընտրէ որպէս պատմութեան մէջ հնչող ամենագեղեցիկ լուրին հասցէատէրերը. «Մի վախնաք. Որովհետեւ ձեզի պիտի աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը. Այսօր Դաւթի քաղաքին մէջ, ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է։ Ասիկա ձեզի նշան թող ըլլայ. Պիտի գտնէք մանուկ մը փաթթուած խանձարուրներով եւ դրուած մսուրին մէջ» (Ղուկ. 2,10-12)։

Մսուրն է վայրը` ուր հանդիպիլ Մեսիային հետ եւ հովիւները այդպիսով կ՛իմանան որ այդքան սպասուած Մեսիան կը ծնի խոնարհ վայրի մը մէջ ու կը ծնի իրենց համար, դառնալու համար իրենց Փրկիչը, իրենց հովիւը։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (Vatican Media)

Հովիւները արդարեւ ի տարբերութիւն շատ մը այլ մարդոց, որոնք մխրճուած են հազար ու մէկ զբաղումի մէջ կը դառնան էականին առաջին վկաները` այսինքն պարգեւուած փրկութեան վկաները։ Անոնք ամենահեզ ու աղքատ մարդիկն են, որոնք գիտեն ընկալել մարդեղութեան իրողութիւնը։

Մենք ալ հայցենք շնորհքը` հովիւներուն նման ըլլալու կարող զարմանքի ու փառաբանութեան ու նաեւ կարող պահպանելու այն ինչ, որ ան մեզի յանձնեց` այսինքն, տաղանդները, խարիզմները, կոչումը ու անձերը որ մեր մօտ դրաւ։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (Vatican Media)

Հայցենք Տիրոջմէ` որ կարողանանք տկարութեան մէջ նկատել Մանուկ Աստուծոյ արտասովոր ուժը, որ կու գայ նորոգելու աշխարհը և փոխելու մեր կեանքը համայն մարդկութեան համար յոյսով լի իր ծրագրով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2025, 09:21

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >