Որոնել

++ Il Papa si affaccia dal Gemelli ++

Ֆրանչիսկոս Պապը բուժումը կը շարունակէ Սանթա Մարթայի իր տան մէջ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը թարմացնելով Սրբազան Պապին առողջութեան ու դարմանումի մասին լուրերը նշեց որ Ան կը շարունակէ դեղորայքային բուժումը և շնչառական և շարժիչային ֆիզիոթերապիան, այս պահուն այցելուներ չի ընդունիր և յառաջիկայ մի քանի շաբաթներուն ծրագիներու վերաբերեալ որոշումներ չկան։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ֆրանչիսկոս Պապին ապաքինումը, որ կարող է տեւել շուրջ երկու ամիս կ՝ընթանայ դեղորայքի, ֆիզիոթերափիայի եւ աղօթքի պահերով։ Երկկողմանի թոքաբորբի պատճառով 38 օր հիւանդանոցային խնամք ստանալէն ետքը Ան իր բուժումը կը շարունակէ Վատիկանի Սանթա Մարթայի տան մէջ, ուր նաեւ կը մատուցէ պատարագ եւ կը շարունակէ նուիրուիլ աշխատանքի։

Չկան մանրամասներ Ֆրանչիսկոս Պապի ապագայ ժամանակացոյցի մասին, ներառեալ այնպիսի կարեւոր իրադարձութիւններու մասին ինչպիսիք են յոբելեանը, աւագ շաբաթը, քանի որ անոնք կախուած են Քահանայապետին բժշկական բարելաւումէն։

Սրբազան Պապին մօտ միշտ ներկայ է Բժշկական խումբ մը։ Ան կը շարունակէ թթուածինի բարձր հոսքի կիրառումը գիշերային ժամերուն քիթի անօթներով, եւ ցերեկային ժամերուն աստիճանական կրճատումով:

Ֆրանչիսկոս Պապը առ այժմ այցելուներ չ՝ընդունիր եւ վաղուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առթիւ նախատեսուած է անոր գրաւոր պատգամը, ինչպէս նաեւ շաբաթներուն։ Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ յառաջիկայ կիրակի օրուան Մարեմեան Աղօթքին համար։

Այսօր իտալական մէկ թերթի մէջ հրատարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Բժիշկ Ալֆիերի` որ Ճեմելլի հիւանդանոցի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը խնամող բժշկական թիմի ղեկավարն էր` հաստատեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ուրախ է տուն վերադառնալու համար եւ յաղթահարած է հիւանդութեան վճռական փուլը, հակառակ որ ան ապրեցաւ իր կեանքի համար մեծ վտանգի պահեր, ինչպէս պատահեցաւ անցեալ 28 Փետրուարի երեկոյեան, երբ Ֆրանչիսկոս Պապը ունեցաւ շնչառական տագնապ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2025, 13:13