Որոնել

FILES-VATICAN-SISTINE-POPE-CONCLAVE-RELIGION

Կարդինալական պապընտիր ժողովը (Քոնքլավը) կը սկսի 7 Մայիսին

Թուականը որոշուեցաւ Պապընտիր նախապատրաստական կարդինալական հինգերորդ միաբանական ժողովին ընթացքին, որ կայացաւ այսօր առաւօտեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քոնքլավը այսինքն կարդինալական Քահանայապետ ընտրող դռնփակ ժողովը պիտի սկսի յառաջիկայ չորեքշաբթի 7 Մայիսին։ Թուականը որոշուեցաւ Պապընտիր նախապատրաստական կարդինալական հինգերորդ միաբանական ժողովին ընթացքին որ կայացաւ այսօր` 28 ապրիլի առաւօտեան եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գրեթէ 180 կարդինալներ որոնց շարքին հարիւրի մօտ Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ։

Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցան քսան միջամտութիւններ շօշափելով Եկեղեցւոյ ու անոր աշխարհի հետ կապերու մասին նիւթեր ինչպէս նաեւ առկայ մարտահրաւէրները ու զանոնք դիմագրաւելու համար նոր Քահանայապետին ունենալիք պէտք եղած յատկանիշները։

Ժողովի ընթացքին ընտրուեցան` Կարդինալական Դասի Աւագերէցին օգնական երեք նոր կարդինալներ` յանձինս Կարդինալ Ռէյնարտ Մարքսի, Անթոնիօ Թակլէին եւ Տոմինիք Մամպերթիի։

Յայտնենք որ Կարդինալական միաբանական նախապատրաստական Ժողովները կը գումարուին երկու տեսակ նիստերով` մէկը Ընդհանուր, այսինքն Կարդինալական Ժողովը իր բոլոր անդամներով՝ մինչեւ ընտրութիւններուն սկիզբը որուն կը մասնակցին բոլոր կարդինալները նաեւ անոնք` որոնք տարիքային սահմանագիծը անցած են եւ իրաւունք չունին մասնակցելու Պապընտիր ժողովներուն։ Իսկ երկրորդը՝ Մասնաւոր Համաժողով, որ կազմուած է ՝ Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկօ Կարդինալէն եւ երեք Կարդինալներէն։ Այս երեքէն իւրաքանչիւրը կը պատկանի կարդինալական երեք կարգերուն եւ կ՝ընտրուի վիճակահանութեամբ։

Արդարեւ Կարդինալական Ժողովը ենթաբաժանուած է երեք կարգերու կամ Միաբանութիւններու. Եպիսկոպոսական, քահանայական եւ սարկաւագական, որոնցմէ իւրաքանչիւրէն կ՛ընտրուի մէկ կարդինալ։ Անոնց պաշտօնը կը տեւէ երեք օր եւ անոնց փոխարինելու կու գան այլ երեք Կարդինալներ, որոնք միշտ ալ կ՛ընտրուին վիճակահանութեամբ։ Այս մարմինը իր պաշտօնէութիւնը կը կատարէ նաեւ ընտրութիւններու ամբողջ ընթացքին։

Կարդինալական միաբանական յաջորդ ժողովը նախատեսուած է վաղը առաւօտեան որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ ըստ «Universi Dominici Gregis» կանոնադրութեան, այս ժողովներուն ընթացքին նախատեսուած երկու քարոզներէն առաջինը զոր, վերոյիշեալ կարդինալներու միաբանական ժողովի կողմէ յանձնուած է, Հայր Տոնաթօ Օլիարիին` Աբբահայր Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային։

Յայտնենք որ Պապընտիր նախապատրաստական կարդինալական միաբանական ժողովները պիտի շարունակուին մինչեւ վեց մայիսին ու տեղի պիտի ունենան ամէն օր առաւօտեան ժամը 9-էն 13 բացի հինգշաբթի մէկ մայիսէն եւ Կիրակի 4 մայիսէն։

Նշենք` որ Քոնքլավի սկիզբին ժամանակացոյցը սահմանուած է, «Universi Dominici Gregis» սահմանադրութեամբ եւ պէտք է` որ սկսի Թափուր Աթոռի հռչակումէն 15-րդ օրուընէ 20-րդ օրուայ ժամանակահատուածին մէջ, Քահանայապետի Հոգւոյն հանգստեան կատարուած իննօրեայ պատարագներէն ետքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2025, 13:26