24 ժամուայ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաժեշտ տուին յիսուն հազար հաւատացեալներ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած տեղեկատւութեան համաձայն երէկ չորեքշաբթի` 23 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11-էն մինչեւ հինգշաբթի ժամը 11-ը Սուրբ Պետրոս պազիլիքա այցելած ու Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին հրաժեշտ տուած են աւելի քան յիսուն հազար անձինք։
Արդարեւ Վատիկանի իշխանութիւնները որ նախատեսած էին Սուրբ Պետրոս տաճարի դուրերը բաց թողուլ մինչեւ կէս գիշեր, ստիպուած եղան երկարաձգել այդ մէկը ու դռները փակել միայն այսօր առաւօտեան կանուխ ժամը 5,30-ին, ու զանոնք վերաբանալ մէկ ու կէս ժամը ետքը ժամը 7,30-ին։
Ըստ Հռոմի ոստիկանապետութեան այս օրերուն սպասուած է 200 հազարէ աւելի ուխտաւորներու ժամանումը եւ Հռոմի Քաղաքապետարանը ու Ոստիկանապետը բոլոր պէտք եղած միջոցներն ու կարգադրութիւնները յանձն առած են ապահովելու համար անվտանգութիւնն ու կարգ կանոնը, մինչ կը շարունակեն համայն աշխարհէն վատիկան ժամանել լրագրողներ որոնք պիտի հետեւին շաբաթ 26 ապրիլին նախատեսուած Քահանայապետի յուղարկաւորութեան արարողութեան, որուն, ինչպէս կը յայտնէ Սուրբ Աթոռի փրոթոքոլի գրասենեակը, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համայն աշխարհէն եկած Պետական ու Եկեղեցական 130 պատուիրակութիւններ, թիւը որ օրէ օր կը բարձրանայ։ Անոնց շարքին են 50 Պետական Ղեկավարներ ու 10 Թագաւորող իշխաններ։ Պետական Ղեկավարներու շարքին է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` Վահագն Խաչատուրեանը, ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը եւ անշուշտ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ