Կարդինալ Պեչչուն հրաժարեցաւ Քոնքլավի մասնակցելէն
Ծիրանաւորը յայտարարութեան մը միջոցաւ նշեց թէ «Համոզուած մնալով հանդերձ որ անմեղ եմ, որոշեցի հնազանդիլ Ֆրանչիսկոս Պապի կամքին» նաեւ «Եկեղեցւոյ բարիքին համար» ու «սատարելու Քոնքլավի մ հաղորդագրութեան ու անդորրութեան»
Վատիկան Նիուզ – Հայակական Բաժանմունք
Կարդինալ Ճովաննի Անճելօ Պեչչուն, պիտի չմասնակցի նոր Քահանայպետի ընտրական ժողովներուն որոնք պիտի սկսզին յառաջիկայ չորեքշաբթի 7 մայիսի յետմիջօրէին. Լուրը կը հաղորդէ նոյնինքն ծիրանաւորը հրատարակած յայտարարութեան մը մէջ.
«Սրտիս խորքին մէջ ունենալով Եկեղեցւոյ բարօրութիւնը, որուն ծառայած եմ և կը շարունակեմ ծառայել հաւատարմութեամբ ու սիրով, ինչպէս նաև նպաստելով Քոնքլավի հաղորդութեան և անդորրութեան, որոշեցի հնազանդիլ, ինչպէս միշտ, Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսի կամքին և չմասնակցիլ Քոնքլավին՝ մնալով համոզուած իմ անմեղութեան մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
29/04/2025, 10:10