Որոնել

2025.04.26 Santa Messa Esequiale del Romano Pontefice Francesco 2025.04.26 Santa Messa Esequiale del Romano Pontefice Francesco  (Vatican Media)

Կարդինալական դասը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան բոլոր մասնակիցներուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը հրապարակեց կարդինալական Դասի շնորհակալական խօսքը ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան բոլոր մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց որ Կարդինալներուն դասը իր խոր շնորհակալութիւն կը յայտնէ Եկեղեցիներուն պետերուն եւ ոչ կաթողիկէ եկեղեցական համայնքներուն առաջնորդներուն, որոնք ներկայ գտնուեցան կամ պատուիրակութիւններ ուղարկեցին մասնակցելու համար Ֆրանչիկոս Պապին յուղարկաւորութեան, զոր տեղի ունեցաւ անցեալ 26 ապրիլին։ Կարդինալներու դասը շնորհակալութիւնը կը յայտնէ նաեւ Հրէա, Իսլամ եւ տարբեր կրօններուն ներկայացուցիչներուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ այս ցաւի պահուն ցուցաբերուած զօրակցութեան համար, կարդինալներու դասը երախտագիտութեամբ կը դիմէ բոլոր քաղաքացիական պատուիրակութիւններուն ու անոնց գլխաւորողներուն՝ Իշխանները, պետութիւններու եւ կառավարութիւններուն ղեկավարները, նախարարները եւ պետական պաշտօնեաները։ «Անոնց ներկայութիւնը յատկապէս գնահատուեցաւ որպէս մասնակցութիւն Սուրբ Աթոռի վիշտին՝ քահանայապետին մահուան համար եւ որպէս յարգանքի տուրք Անոր անդադար նուիրուածութեան՝ ի սպաս հաւատքի, խաղաղութեան եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան։

Կարդինալները շնորհակալութիւն կը յայտնեն մասնաւորապէս Իտալիոյ իշխանութիւններուն, Հռոմ քաղաքին, անվտանգութեան ծառայութեան, քաղաքացիական պաշտպանութեան, լրատուամիջոցներուն եւ աշխատակիցներուն, որոնց շարքին Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկան Քաղաք – պետութեան պաշտօնեաներուն, որոնք մեծ նուիրուածութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ նպաստեցին՝ տարբեր արարողութիւններուն նախապատրաստման համար, ճանչնալով որ անոնց աշխատանքի շնորհիւ ամէն ինչ տեղի ունեցաւ կանոնաւոր եւ հանգիստ իրավիճակի մէջ։

Ի վերջոյ կարդինալական դասը երախտագիտութեան խօսքեր կ՝ուղղէ երիտասարդներուն, պատանիներուն որոնք մասնակցեցան Յոբելեանին՝ 27 ապրիլին, ցոյց տալով Յարուցեալ Տիրոջ կեանքով կենդանի եկեղեցւոյ դէմքը եւ Աստուծոյ բոլոր ժողովուրդին, որոնք յոյսով կը քալէ դէպի ապագայ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2025, 13:36