Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապի Դագաղի փակման կարգը

Դագայի փակման արարողութիւնը, տեղի ունեցաւ «Ordo Exsequiarum Romani Pontificis թիւ. 66-81 յօդուածներու համաձայն որուն ընթացքին դագաղին մէջ զետեղուեցան ննջեցեալ Քահանայապետի հովուապետութեան ժամանակ հատուած շքանշանները ու մետաղադրամները, ապա նոտարական փաստաթուղթը որ հակիրճ կերպով կը նկարագրէ Ֆրանչիսկոս Պապին կենսագրականը ու անոր քահանայապետութեան շրջանը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 25 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8-ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Խոստովանանքի Խորանին մօտ, տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի Դագաղի փակման դռնփակ արարողութիւնը, նախագահութեամբ Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկօ` Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելի ու ներկայութեամբ որոշ կարդինալներու, ինչպէս յայտարարուած էր նախօրօք ու նաեւ Քահանայապետին ընտանեկան պարագաներ։

Դագաղի փակման արարողութիւնը, տեղի ունեցաւ «Ordo Exsequiarum Romani Pontificis» թիւ. 66-81 յօդուածներու համաձայն որուն ընթացքին դագաղին մէջ զետեղուեցան ննջեցեալ Քահանայապետի հովուապետութեան ժամանակ հատուած շքանշանները ու մետաղադրամները, ապա նոտարական փաստաթուղթը որ հակիրճ կերպով կը նկարագրէ Ֆրանչիսկոս Պապին կենսագրականը ու անոր քահանայապետութեան շրջանը։

Արարողութեան ընթացքին Քահանայապետական Ծիսական արարողութիւններու արարողապետը ընթերցումը կատարեց նոտրարական փաստաթուղթին, որուն օրինակները ստորագրուեցան ներկաներէն մի քանիներուն կողմէ, որպէս վաւերացում պատահածին։ Ապա տեղի ունեցաւ Քահանայապետի դէմքի սպիտակ մետաքսով քօղարկում, ապա օրհնեալ ջուրի սրսկումէն ետքը դագային մէջ զետեղուեցան սահմանադրութենէն նախատեսուած իրերը, հուսկ դագաղը, որ կազմուած է երկու մասերէ` զինկէ ու տախտակէ, փակուեցաւ ու կնքուեցաւ։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը ինին։ Հանգուցեալ Քահանայապետի աճիւններն ու դագաղը այս գիշեր կը մնան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ որուն մօտ գիշերուայ ընթացքին աղօթք ու հսկում պիտի կատարեն Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կղերական դասը մինչեւ վաղը առաւօտեան նախատեսուած յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

«Ֆրանչիսկոս բոլորին թողուց մարդկութեան, սուրբ կեանքի և տիեզերական հայրութեան հրաշալի վկայութիւն» այս գրութեամբ եզրափակուած է նոտարական փաստաթուղթը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 21:51