Որոնել

2025.04.24 Papa Francesco

Մահը կու գայ կեանքի մասին ճշմարտութիւնը հաստատելու․ Ֆրանչիսկոս Պապի Ննջեցեալներու օրուայ քարոզներէն հատուածներ

«Յիսուս մեզ կը սպասէ աշխարհի աղքատներուն ու վիրաւորներուն մէջ, այժմէն պատրաստուինք երկնքի ուրախութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ, որոնք քաղուած են տարիներու ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ տարբեր վայրերու մէջ արտասանած քարոզներէն, Ննջեցեալներուն օրուան առիթներով, զոր Լատին եկեղեցին կը յիշատակէ իւրաքանչիւր տարի 2 Նոյեմբերին։

Սպասում եւ անակնկալ

Սուրբ Պետրոս Տաճար, 2 Նոյեմբեր 2022

«Սպասումը կ՜արտայայտէ կեանքին իմաստը, որովհետեւ մենք կ՜ապրինք Աստուծոյ հետ հանդիպումի սպասումը։ Բոլորս ալ կ՜ապրինք սպասումի մէջ, յոյսով` որ օր մը կը լսենք Յիսուսին մեզի ուղղուած խօսքերը. «Եկէք ինծի իմ հօրս օծեալները (Մատթ. 25,34)»։

«Կը գտնուինք աշխարհի սպասման սենեակին մէջ, որպէսզի դրախտ մտնենք, մասնակցելու համար բոլոր ժողովուրդներուն խնջոյքին» (Եսայի 25,6)։ (…) Այսօր լաւ է մենք մեզի հարց ուղղենք, թէ արդեօ՞ք մեր ցանկութիւնները կապ ունին Երկնքի հետ… Միշտ նայիլ դէպի վեր, որովհետեւ մենք ուղեւորութեան մէջ ենք` դէպի Բարձրեալ ու (․․․) ամենամեծ նուաճումները, ամենահեղինակաւոր կոչումները եւ մրցանակները, կուտակուած հարստութիւնն ու երկրային ձեռքբերումները, բոլորը պիտի անհետանան մէկ ակնթարթի մէջ»։

«Եւ արդարը, եւ անարդարը զարմացած իրենք իրենց կ’ուղղեն «երբ» հարցումը։ Կայ միայն մէկ պատասխան՝ «երբ»ը հիմա է, այսօր: Մեր ձեռքերուն մէջն է, մեր ողորմած գործերուն մէջն է եւ ոչ պարզաբանումներու ու վերլուծութիւններու, անհատական ​​կամ ընկերային հիմնաւորումներուն մէջ: (…) Տէրը այսօր մեզի կը յիշեցնէ, որ մահը կու գայ կեանքի մասին ճշմարտութիւնը հաստատելու»։

«Մեր հրաժեշտի օրը, անակնկալը ուրախալի պիտի ըլլայ, եթէ հիմա մեզի թոյլ տանք զարմանալ Աստուծոյ ներկայութեամբ, որ մեզ կը սպասէ աշխարհի աղքատներուն ու վիրաւորներուն մէջ։ Եւ կը սպասէ, որ զինք շոյենք ոչ թէ խօսքերով այլ գործով»։

«Բարձրեալը փոքրերուն հետ է եւ մենք պէտք է հետեւինք Յիսուսին, որուն սիրոյ չափանիշը աւելի անդին կ՛երթայ մեր չափանիշերէն, որովհետեւ անոր չափանիշը ձրիութիւնն է։ Ասոր համար մենք եւս պատրաստուելու համար պէտք է սիրենք ձրիաբար, առանց փոխհատուցում սպասելու….»

Յոյս, որ երբեք չի հիասթափեցներ

Ամերիկեան Գերեզմանատուն Նեթթունոյի մէջ, 2 Նոյեմբեր 2017

«Յոյսը յաճախ կը ծնի եւ իր արմատները կը ձգէ բազմաթիւ մարդկային վէրքերու, բազմաթիւ մարդկային ցաւերու մէջ, եւ ցաւի, վէրքի, տառապանքի այդ պահը կը ստիպէ մեզի նայել դէպի Երկինք։ Իւրաքանչիւր անձ կարող է իր սրտին մէջ կրկնել Հոփ Նահապետի յոյսի խօսքը. «Ես կը հաւատամ որ իմ Փրկիչս կենդանի է։ եւ Վերջինը վեր կը խոյանայ փոշու վրայ։ Սա յոյս է հանդիպելու Աստուծոյ հետ եւ վերստին հանդիպելու բոլորս որպէս եղբայրներ։ Յոյս, որ արդարեւ չի հիասթափեցներ»։

Կեանքի երեք ծաւալները՝ անցեալ, ներկայ եւ ապագայ

Լաուրենթինոյի Գերեզմանատուն, 2 Նոյեմբեր 2018

«Այսօր անցեալի յիշատակի օր է։ Յիշատակը զօրեղ կը դարձնէ ժողովուրդ մը, որովհետեւ ան ինքզինք արմատացած կը զգայ իր ճանապարհորդութեան մէջ, արմատացած պատմութեան, անցեալին եւ կեանքին մէջ»։

«Այսօր նաեւ յոյսի օր է, քանզի յիշատակ կը նշանակէ նաեւ յոյս հանդիպումի։ Յոյս նոր Երուսաղէմի՝ Երկնային Երուսաղէմը եւ յոյս հասնելու այնտեղ ուր կը գտնուի սէրն Անոր որ մեզ ստեղծեց, Հօր սէրը»

«Եւ յիշողութեան եւ յոյսի միջեւ կայ երրորդ ծաւալը՝ ճանապարհը, որով պէտք ենք անցնիլ եւ կ’անցնինք»։ Եւ որպէսզի չի շեղինք անորմէ պէտք ենք հետեւիլ Աւետարանի Երանութիւններու «լոյսերուն»։ «Այս երանութիւնները՝ հեզութիւն, հոգւոյ աղքատութիւն, արդարութիւն, ողորմութիւն ու սրտի մաքրութիւն, լոյսեր են որոնք մեզ կ՛առաջնորդե՛ն»։

«Այսօր Տիրոջմէ կը խնդրենք, որ շնորհ տայ, որպէսզի երբեք չի կորսնցնենք, երբեք չի թաքցնենք մեր յիշողութիւնը՝ մարդու, ընտանիքի, ժողովրդի յիշատակը։ (…) Գիտնանք միշտ յուսալ եւ նայիլ հորիզոնին»։

Կեանքը ճանապարհ է

Ֆրանսական Զինուորական Գերեզմանատուն Հռոմի մէջ, 2 Նոյեմբեր 2021

«Մենք բոլորս, եթէ կ’ուզենք կեանքի մէջ բան մը ընել պիտի քալենք։ Որ զբօսանք չէ, ոչ ալ լաբիրինթոս, անիկա ճանապարհ է։ Ճանապարհին մենք կ’անցնինք բազմաթիւ պատմական փաստերու, շատ դժուար իրավիճակներու առջեւ։ Եւ նաեւ գերեզմանատուներու առջեւ։ Այս գերեզմանատունի խորհուրդն է. «դուն` որ կ՛անցնիս, մտածէ քու քայլերուդ մասին, մտածէ քու վերջին քայլիդ մասին»։ Մենք բոլորս ալ պիտի ունենանք մէկ վերջին քայլ եւ կարեւորը այն է, որ այդ վերջին քայլը մեզ գտնէ ճանապարհին, ոչ թէ զբօսնելու մէջ, ոչ թէ անվերջանալի լաբիրինթոսի մէջ, այլ՝ կեանքի ճանապարհին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2025, 11:00