Որոնել

Sede Vacante - Conclave 1978-10-14 1978-10-16

«Conclave – Cum-clave» միջնադարի ու ապագայի միջեւ պատմութիւն

Սուրբ Պետրոսի դէպի 267-րդ յաջորդ տանող ճանապարհը կ՛անցնի «Քոնքլավէն», հաստատութիւն մը, որ ստեղծուած է խուսափելու համար «Թափուր Աթոռի» երկարատեւութենէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Յառաջիկայ 7 մայիսէն սկսեալ Սիքստինեան մատուրը իր դռները կը փակէ զբօսաշրջիկներուն առջեւ ու կը բացուի համայն աշխարհի աչքերուն, ուր կարդինալական դասը պիտի համախմբուի «քոնքլավի» մէջ ընտրելու համար Սուրբ Պետրոսին յաջորդը։ Ժողով` որ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ համարուած է 67րդ եւ որ 26րդ անգամն ըլլալով պիտի կատարուի Սիքստինեան մատրան մէջ։

Բայց ինչ կը նշանակէ Քոնքլավ

Քոնքլավ բառը` որ իր արմատները կը գտնէ լատիներէն "cum-clave" այսինքն «բանալիով» բառէն, կը հայի վայրի մը` որ «կղպուած է բանալիով», եւ Եկեղեցւոյ մէջ ան կ՛օգտագործուի նշելու համար այն վայրը ուր տեղի կ՛ունենայ Քահանայապետին ընտրութիւնը ու նշելու նաեւ նոր Պապը ընտրելու կոչուած կարդինալներուն դասը։

Արդարեւ բառին բուն իմաստով նոր Պապի ընտրութեան շրջանին Կարդինալները ամբողջովին կ՝անջատուին արտաքին կեանքէն,տեսակ մը «փակեալ» վիճակի մէջ կ՛ապրին մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը, խզելով այսպէս իրենց բոլոր յարաբերութիւնները արտաքին աշխարհի հետ։

Մօտ օրէն սկիզբ առնող «քոնքլավի - պապընտիր ժողով»ի աւանդութիւնը սկիզբ առած է Գրիգոր 10-րդ Քահանայապետի օրով 1274. Այս թուականէն առաջ կը խօսուէր պարզապէս Քահանայապետի ընտրութեան մը մասին եւ Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին գրեթէ 1.200 տարիներու ընթացքին Պետրոսին յաջորդը, որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս կ՛ընտրուէր տեղական հասարակութեան ներգրաւումով։ Հոգևորականները կը քննարկէին հաւատացեալներու կողմէ առաջարկուած թեկնածուները, և Հռոմի Քահանայապետը կ՛ընտրուէր եպիսկոպոսներու կողմէ։

Չորրորդ դարէն մինչեւ տասնմէկերորդդ դար ընտրութիւնները կատարուած են արտաքին ազդեցութիւններու ու ճնշումներու տակ, ուր Հռովմէական կայսրեր և ուրիշներ տարբեր ձևերով փորձած են վերահսկել Պապի նշանակման գործընթացին վրայ։

Քոնքլավի արմատները

Դարերու հոլովոյթին ապա տեղի ունեցան տարբեր փոփոխութիւններ, որոնք հանգեցան ներկայ «Քոնքլավի» հիւսուածքին։

Նիկողայոս Բ Պապը 1059-ին կը հաստատէ, որ Քահանայապետերը պիտի ընտրուին միայն կարդինալներու կողմէ եւ այս հրովարտակի հաստատումը կը կատարէ Աղեքսանդր Գ-ը 1179 «Licet de vitanda» հրատարակած սահմանադրութեամբ, որուն մէջ կը հաստատուի նաեւ, որ Քահանայապետը կ՛ընտրուի այն ժամանակ երբ հաւաքէ ընտրողներուն քուէներուն երկու երորդը։

1268 շրջադարձային թուական

1268-ի ընտրութիւնները եղան շրջադարձային։ 18 Կարդինալներ համախմբուած էին «Viterbo» քաղաքի պապական պալատին մէջ ընտրելու համար Քահանայապետին յաջորդը։ Այդ եղաւ պապընտիր ամենաերկար ժողովը, Սրբազան Պապը ընտրուեցաւ երկու տարի ինը ամիս տեւած ժողովէ մը ետք։ Ի տես այս անկայուն ժամանակահատուածին  Վիթերպոյի բնակչութիւնը զայրացած, որոշեց կարդինալները փակել պալատին մէջ մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը։

Անոնք վերջապէս ընտրեցին Գրիգոր Ժ Քահանայապետը, որ 1274-ին հրատարակեց «Ubi periculum» սահմանադրութիւնը, որով պաշտօնապէս հաստատեց, որ պապընտիր ժողովները կատարուին «Conclave – Cum-clave» ով այսինքն բանալիով փակ դռներով, ըլլայ ներսէն, ըլլայ դուրսէն։

Եկեղեցական պատմութեան հոլովոյթին բազմաթիւ Քահանայապետեր վերամշակած են քոնքլավի օրէնքները, զայն ընդլայնելով միշտ աւելի մանրազնին եւ ճշգրիտ կարգաւորութիւններով։

1904 Պիոս Ժ-ի օրով կը հաստատուի գաղտնիութեան օրէնքը, որով կարելի չէ դուրս հանել այն ինչ որ կը պատահի Քոնքլավի մէջ։

Պիոս ԺԲ Քահանայապետը հրատարակեց “Vacantis Apostolicae Sedis” սահմանադրութիւնը ներմուծելով նոր փոփոխութիւններ, ինչպէս զոր օրինակ Քահանայապետի մահով կարդինալներուն իրենց պաշտօնէն դադրիլը, ի բացառեալ Քամերլենկոյէն, Հռոմի տեղակալէն ու վերապահեալէն։ Պօղոս Զ ապա հաստատեց` որ Կարդինալները կարող են պապընտիր ժողովի մասնակցիլ մինչեւ 80 տարեկան, այդ տարիքէն ետք անոնք կը կորսնցնեն այդ իրաւասութիւնը։

Այսօրուան սահմանադրութիւնն է «Universi Dominici Gregis», հաստատուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ 1996 եւ փոփոխութիւններու ենթարկուած Պենետիկտոս ԺԶ օրով 2013. Կը հաստատուի` որ Քոնքլաւը պէտք է կայանայ Սիքստինեան մատրան մէջ ու Պենետիկտոս ԺԶ ներմուծած փոփոխութեամբ կը հաստատուի որ 34 քուէարկութիւններէ ետք, եթէ որեւէ մէկ թեկնածու չկարողանայ հաւաքել պահանջուած քուէներու երկու երորդը, կարդինալները կ՛ընտրեն ամենաշատ քուէներ հաւաքով երկու թեկնածուներուն միջեւ պահպանելով միշտ երկու երրորդի սահմանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2025, 12:53