Յուզմունք երախտագիտութիւն ու յարգանք` դադար չունի հաւատացեալներու հոսքը Սուրբ Պետրոս
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երէկ եւս ինչպէս նաեւ առջի օր Վատիկանեան իշխանութիւնները ստիպուած եղան երկարաձգել Սուրբ Պետրոսի դռներու փակման ժամկէտը, որ նախատեսուած էր կէս գիշերին, զանոնք փակելով միայն առաւօտեան կանուխ ժամը 2,30ին, ապա վերաբանալով միշտ առաւօտեան կանուխ 5,45-ին եւ այս մէկը ի տես հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, որոնք եկած են իրենց վերջին հրաժեշտը տալու Ֆրանչիսկոս Պապին, որուն աճիւնները ժամանակաւոր կերպով կը գտնուին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական խորանի ոտքին, առիթ ընծայելու համար հաւատացեալներուն, որ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեն անոր։
Յուզմունք, երախտագիտութիւն, արցունքներ ու յարգանք` ասոնք են զգացումները, որ կը յայտնեն այդ հազարաւոր ուխտաւորները, որոնք նոյնիսկ երկու կամ երեք ժամ շարք բռնած են, որպէսզի կարելիութիւնը ունենան վերջին հայեացքը, վերջին աղօթքը ու վերջին ողջոյնը ուղղելու, ժողովրդային քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին, որ իր Քահանայապետութեան առաջին օրէն իսկ ուզեց ըլլալ այն Բարի Հովիւը, որ իր հօտին հետ կը քալէ, այն արի առաջնորդը որ կ՛ուզէ միշտ իր ժողովուրդին մէջ գտնուիլ, այն առաքինի ու տիպար քահանան, նախ քան քահանայապետը, որ կ՛ուզէ իրեն յանձնուած հաւատացեալներուն ընկերանալ դէպի սրբութիւն տանող ճանապարհին վրայ։
Այսօր երեկոյեան ժամը 8-ին նախատեսուած է դագաղի փակման արարողութիւնը, որ պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը, եւ որ տեղի պիտի ունենայ դռնափակ եւ որուն համար նախատեսուած է` որ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի դռները փակուին այդ արարողութենէն մէկ ժամ առաջ` ժամը եօթին։
Ի դէպ` երեկ երեկոյեան հրապարակուած հաղորդագրութեամբ կը նշուէր, որ մինչեւ երեկուայ յետմիջօրէի ժամը եօթին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքա այցելած էին ինիսուն հազար հաւատացեալներ, թիւ մը` որ այսօր առաւօտեան հասած էր 128 հազարի եւ որ երթալով պիտի աճի, ի հաստատումն այն սիրոյն որ բազմաթիւ հաւատացեալներ ունին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նկատմամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ