Որոնել

2025.04.27 Santa Messa nel II giorno dei Novendiali

Աստուածային ողորմութեան կիրակին` Ֆրանչիսկոս Պապի յիշատակով

Հազարաւոր երիտասարդներն ու պատանիները` որոնք Յարութեան օրուան նման տխրութիւնը կը փոխարինեն ուրախալի տօնախմբութեամբ, ուզեցին ներկայ գտնուիլ ու մասնակցիլ Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած հոգեհանգստեան պատարագին եւ միւս հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներուն հետ միասին աղօթք բարձրացնել առ Աստուած, հայցելով որ իր անհուն ողորմութեամբ` Արքայութեան մէջ ընդունի Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 ապրիլ 2025-ին կը նշուի Աստուածային ողորմութեան կիրակին հաստատուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի կողմէ 2000 թուականին, Ողորմութիւն` որուն Ֆրանչիսկոս Պապը Յոբելենական արտակարգ տարի մը նուիրուած էր 2016-ին։

Առաւօտեան ժամը 10.30-ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի հրապարակին վրայ, ուր երէկ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, մատուցուեցաւ Քահանայապետի հոգւոյն հանգստեան նուիրուած «Ordo Exsequiarum Romani Pontificis» Քահանայապետի յուղարկաւորութեան կարգի իննօրեայի երկրորդ պատարագը, զոր գլխաւորեց Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը. նախկին Պետական Քարտուղար եւ որուն մասնակցեցան Վատիկանի պաշտօնեաներն ու հաւատացեալները։

Պատանիներ
Պատանիներ

Սրբազան Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հազարաւոր պատանիներ, որոնք այս օրերուն Հռոմ ժամանած են Յոյսի Յոբելեանի տարուայ ծիրէն ներս կատարելու իրենց ուխտագնացութիւնը եւ որոնց յոբելենական ուխտագնացութեան յայտագիրը, դժբախտաբար փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, Քահանայապետի մահուան ու անոր յուղարկաւորութեան արարողութեան պատճառաւ, բայց եւ այնպէս անոնք բախտը ունեցան վերջին ողջագուրումը տալու իրենց սիրելի Հօր որ գիտցած ու կարողացած էր անոնց հետ սերտ կապ հաստատել, Քահանայապետութեան առաջին օրէն իսկ, անոնց հետ Պրազիլի մէջ ունեցած առաջին մեծ հանդիպումէն ասդին, Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան առիթով, երբ յանձնարարեց որ թոյլ չտան որ իրենցմէ խլեն յոյսը, յոյս որուն Քահանայապետը ուզեց նուիրել նաեւ 2025-ի Յոբելեանը, յոյս` զոր Հռոմ ժամանած բազմահազար երիտասարդները պիտի կրեն իրենց սրտերուն մէջ, որպէս կտակ, ու զայն փոխանցեն իրենց շրջանակին։

Արդարեւ այսօր նախատեսուած էր նաեւ պատանիներու Յոբելեանին նուիրուած պատարագը որուն առիթով Սուրբ Պիտի հռչակուէր պատանի Քարլօ Աքութիսը։ Սրբալուսութիւն` որ ետաձգուեցաւ, նոր Քահանայապետի ընտրութենէն ետք։

Պատանիներ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրաղ
Պատանիներ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրաղ

Հազարաւոր երիտասարդներն ու պատանիները` որոնք Յարութեան օրուան նման տխրութիւնը կը փոխարինեն ուրախալի տօնախմբութեամբ, ուզեցին նոյնպէս ներկայ գտնուիլ ու մասնակցիլ Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած հոգեհանգստեան պատարագին եւ միւս հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներուն հետ միասին աղօթք բարձրացնել առ Աստուած, հայցելով որ իր անհուն ողորմութեամբ` Արքայութեան մէջ ընդունի Ֆրանչիսկոս Պապը։

Այսօր կը յիշատակուի նաեւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբադասման արարողութեան տարեդարձը, որ տեղի ունեցած էր 27 ապրիլ 2014-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ ու երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ներկայութեամբ։

Ահա այս յիշարժան օրն է որ առիթ կը դառնայ նաեւ յիշելու աղքատներու, խաղաղութեան ու մարդկային եղբայրութեան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2025, 10:13