Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութիւնը թիւերով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 26 ապրիլին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար հաւատացեալներ եւ աշխարհի բոլոր երկիներէն ժամանած ուխտաւորներ որոնք առաւօտեան կանուխէն շարք բռնեցին ու ապահովական մարմիններու ստուգումներէն ետք ներխուժեցին Սուրբ Պետրոս հրապարակ մասնակցելու համար իրենց սիրելի Քահանայապետի վերջին հրաժեշտի արարողութեան։
Կղերական դասը` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ
Պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուող այս արարողութեան Կարդինալական դասի աւագերէց` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսա Ռէյին հետ կը համապատարագեն,980 կղերական դասի անդամներ որոնց շարքին կարդինալներ, պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ ու քահանաներ։ համապարագիչներու շարքին է նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ։
250 հազար այցելուներ
Վերջին օրերուն, Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ գեղեղուած աճիւններուն յարգանքի տուրք մատուցեցին աւելի քան 250 հազար անձինք, չորեքշաբթի 23 ապրիլ 2025ի ժամը 11-էն մինչեւ ուրբաթ 25 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7-ին։
Հայաստանի նախագահը
Յուղարկաւորութեան կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիներէ ժամանած 170-ի մօտ պատուիրակութիւններ, նախագահներ, որոնց շարքին Անժանթինի, Իտալիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Վահագն Խաչատուրեանը, ապա Թագաւորներ ու Իշխաններ, հուսկ որոշ երկիրներու արտգործ նախարարներ եւ կառավարական ներկայացուցիչներ։
Գարեգին Բ եւ Արամ Ա հայրապետները
Ներկայ էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու Կաթողիկոսներ, Պատրիարքներ եւ ներկայացուցիչներ, իրենց շքախումբերով, որոնց շարքին էր նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.։ Գարեգին Բ հայրապետին կ՛ընկերանային` Գերաշնորհ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Սուրբ Աթոռի մօտ Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, Գերաշնորհ Արշակ Սրբազան Խաչատրեան, Գերաշնորհ Մուշեղ Սրբազան Պապայեան եւ Հայր Գարեգին Համբարձումեան մինչ Արամ Ա. Վեհափառ Հօր կ՛ընկերանային Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։
Բարթողոմէոս Ա եւ օրթոտոքս այլ եկեղեցիներու պատրիարքներ
Արարողութեան չէր կարող չմասնակցիլ Ֆրանչիսկոս Պապի վաղեմի բարեկամ Կ. Պոլսոյ Բարթողոմէոս Ա. Պատրիարքը իր պատուիրակութեան հետ միասին, որուն միացան, ի միջի այլոց, Աղեքսանդրիոյ, Անտիոքի եւ Երուսաղէմի Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցիներու պատուիրակութիւնները, Մոսկուայէն, Սերպիայէն, Ռումանիայէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Ալպանիյաէն ու այլ վայրերէն օրթոտոքս եկեղեցիներու ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ Անկլիքան, Լուտերական, Բարեկարգուած, Մեթոտիստ, Վալտէզ ու այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու պատուիրակութիւնները։
Այլ կրօններու ներկայացուցիչներ
Ասոնց կից ներկայ գտնուեցան նաեւ Հրեայ, իսլամ, հինտու, Պուտտիսթ կրօններու ներկայացուցիչներ իրենց կարգին յարգանքի տուրք մատուցելու համար միջրկրօնական երկխօսութեան առաջատար Քահանայապետին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ