Որոնել

Funerale papa Francesco arrivi

Ֆրանչիսկոս Պապի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը

Համայն աշխարհը հրաժեշտ կու տայ աղքատներու, խաղաղութեան, բնապահպանութեան ու մարդկային եղբայրութեան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր 26 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան 10-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակը ականատես պիտի դառնայ այլ մէկ պատմական եղելութեան, աղքատներու, խաղաղութեան, բնապահպանութեան ու մարդկային եղբայրութեան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին յուղարկաւորութեան արարողութեան զոր պիտի նախագահէ, Ordo Exsequiarum Romani Pontificis ծիսակարգի համաձայն` Կարդինալական դասի աւագերէցը Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսա Ռէ, այլ 980 համապատարագիչներու հետ միասին որոնց շարքին կարդինալներ, պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ ու քահանաներ։ Ապա Հրապարակի խորանին մօտ զետեղուած պիտի ըլլայ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերը, որ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին խօսող Մարեմեան խճանկարն է, զոր իր Քահանայապետութեան ընթացքին այցելեց 126 անգամ եւ որուն մօտ այսօր յուղարկաւորութեան աւարտին պիտի հանգչին անոր աճիւնները։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին նախատեսուած են վեց լեզուներով դիտաւորութիւններու աղօթքներ` ֆրանսերէն, արաբերէն, փորթուկալներէն, լեհերէն, գերմաներէն եւ չինարէն լեզուներով։

Արարողութեան ընթացքին նախատեսուած է ապա աղերսական աղօթք` զոր պիտի արտասանեն յանուն Հռոմի թեմին, Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան, ապա Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքները։ Արարողութեան աւարտին Կարդինալ Ռէն օրհնեալ ջուրով ու խունկով օրհնելէ ետք դագաղը, ան պիտի փոխադրուի նախ Սուրբ Պետրոս տաճար որտեղէն կը մեկնի դէպի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար ուր տեղի պիտի ունենայ թաղման կարգը` յատուկ դռնփակ արարողութեամբ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2025, 07:39