Որոնել

2020.04.07 Messa Santa Marta

Սանթա Մարթայի մատրան մէջ քարոզները՝ Ֆրանչիսկոսի Վարդապետութեան սկզբնաւորման հիմք

Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ եօթ տարի մատուցուած պատարագները առաջին իսկ պահէն նպաստեցին ձեւաւորելու Սրբազան Քահանայապետի հոգեւոր եւ հովուական նկարագիրը եւ նորարար լեզուի ուժը՝ բնորոշ Անոր Վարդապետութեան, ներմուծեցին «Աւետարան ըստ Ֆրանչիսկոսի», որ կը բնութագրուի անմիջականութեամբ, աշխոյժութեամբ եւ առարկայականութեամբ՝ առօրեայ կեանքին յղումով:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այժմ, երբ եկած է ժամանակն վերլուծելու Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ ուշադրութեան արժանացած հիմնական նիւթերը՝ ինչպէս յոյսն ու եղբայրութիւնը, մերժուածներն ու ողորմասիրութիւնը, խաղաղութիւնը ու զօրակցութիւնը, դժուար չէ նկատել, որ Անոր Վարդապետութեան կառուցման առաջին քարերը եղան Սանթա Մարթայի մատրան մէջ՝ 2013ի մարտէն մինչեւ 2020ի մայիս, մատուցած պատարագներուն ընթացքին արտասանած քարոզներն ու խօսքերը, արտայայտութիւններն ու ժեսթերը։ Պերկոլիոյի կողմէ ամենէ շատ արծարծուած ու հոգեհարազատ այդ նիւթերը՝ հետագային զարգացան ու ամբողջական տեսք ստացան Ֆրանչիսկոսի պատգամներու, ճառերու եւ փաստաթուղթերուն մէջ։

Եւ ճիշտ այդ ծխական մատուռը, ուր Պապը շաբաթը քանի մը անգամ պատարագած է այդ տարիներուն, անցեալ 21 Ապրիլին դարձաւ անոր հրաժեշտի առաջին վայրը։

Բոլորին մօտ գտնուող Պապը

Ֆրանչիսկոսը՝ աշխարհի «ծխական քահանան», ճանչնալ կու տայ հասարակ հովիւ ըլլալու իր ոճը հասարակ մարդկանց առջեւ, որոնց մէկ առ մէկ հրաժեշտ կու տայ ձեռքսեղմումներով եւ՝ ժողովրդին հարազատ, ինքնաբուխ եւ յաճախ իր մայրենի լեզուով համեմուած արտայայտութիւններով:

Առաջին պատարագը

22 մարտ 2013ին էր, որ, Ֆրանչիսկոս Պապ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցեց Սուրբ եւ անմահ առաջին պատարագը ներկայութեամբ Վատիկանի պարտիզպաններուն ու խումբ մը աշխատաւորներուն։ Այդ օրէն սոյն արարողութիւնը դարձաւ աւանդութիւն։ Աւանդութիւն, որ անմասն չի թողուց ոչ մէկ խաւի։ Սուրբ Աթոռի աշխատողներէն սկսեալ մինչեւ հռոմէական ծուխերէն հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն: Յանպատրաստից պատարագները շուտով տարիներու ընթացքին դարձան հարիւրաւոր պարզ մարդկանց հետ հանդիպումներ:

Պատարագ՝ նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ

Ինչպէս, որ եղաւ 7 Սեպտեմբեր 2015ի առաւօտեան, երբ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Սուրբ Պատարագի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին` Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները՝ գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Երջանկայիշատակ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի-ի։ Այդ օրը Ֆրանչիսկոս անդրադարձած էր աշխարհի մէջ բազմաթիւ քրիստոնեաներու հալածանքներուն, որոնք կը սպաննուին, կը տեղահանուին եւ զրկանքի կ՛ենթարկուին պարզապէս իրենց քրիստոնեայ ըլլալուն համար։

«Հայ ժողովուրդն ալ, հալածուած է, տեղահանուած է իր հայրենիքէն, առանց օգնութեան քշուած անապատ։ Այս հալածանքը սկսած է արդէն Յիսուսի դէմ. այն ինչ որ ըրած են Յիսուսին, պատմութեան մէջ նոյնը ըրած են Յիսուսի Մարմնին՝ Եկեղեցւոյ»։ «Կ’ուզեմ ձեզ գրկել եւ յիշել այն հալածանքը, որ դուք կրած էք, յիշել ձեր սուրբերը, այն բազմաթիւ սուրբերը, որոնք անապատին մէջ մահացած են սովէ, ցուրտէ եւ խոշտանգումներէ. պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ էին», ըսած էր Ֆրանչիսկոս։

Պարզ ու մատչելի լեզու

Ֆրանչիսկոսի Վարդապետութեան առանձնայատուկ տարրը «առօրեայ կեանքի աստուածաբանութիւնն» է՝ աւետարանական պատգամի մարմնաւորումը առօրեայ արարքներու, մանրուքներու մէջ եւ քրիստոնէութեան խթանումը, որ կ’ապրի պարզութեան եւ իսկութեան մէջ:

Արդարեւ, Սանթա Մարթայի եօթ տարի տեւած՝ քարոզները կը բնութագրուին առօրեայ կեանքէն վերցուցած փոխաբերութիւններով, որոնք Աւետարանը կը դարձնեն առարկայական եւ դիւրին։ Ֆրանչիսկոս Պապ՝ ապրիլ կու տայ Աւետարանը։ Ան Աւետարանի էականը կը բացատրէ ու կը հաղորդէ ամենայն պարզութեամբ եւ սահուն լեզուով, որպէսզի հասկնալի ըլլայ բոլորին։ Ան Աւետարանի Պատգամը կը պատշաճեցնէ ժամանակակից աշխարհին՝ որպէսզի Աւետարանին խօսքը դպչի բոլոր մարդոց սրտերուն։

Երբեւէ չլսուած բառեր ու արտայայտութիւններ

Աստուած, «կախարդական փայտիկ չունի», բայց կը փրկէ համառութեամբ, «Յիսուս ոչ մէկը կը բացառէ», «Եկեղեցին դայեակ չէ» ոչ ալ «ընկերային կազմակերպութիւն», այլ՝ «սիրոյ պատմութիւն», «հոգին չի կարելի ընտելացնել» ու «հաւատքը խաբեութիւն չէ» (նոյնիսկ եթէ կան «գաղափարախօսներ, որոնք կը կեղծեն Աւետարանը), «խուսափիլ բամբասանքէն», «խաղաղութիւնը գին չունի»․ այս եւ շատ այլ արտայայտութիւններ ու բառեր ժամանակի ընթացքին դարձան Պապի Վարդապետութեան հիմքը՝ ծնունդ տալով Աւետարանին «ըստ Ֆրանչիսկոսի», որ հասանելի, վառ ու անմիջական է, որ մտածել կու տայ եւ կը դպչի սրտին, որ կը գրաւէ անտարբեր ականջները: Այդ պատարագներու արձագանքը կը զարմացնէ եւ առաջ կը շարժի՝ ուրուագծելով աշխարհի ծայրէն եկած Պապի հոգեւոր նկարագիրը:

Քահանայապետի ռատիոյէն դէպի ողջ աշխարհ

Այդ պահէն սկսեալ Վատիկանի ձայնասփիւռի վրայ դրուեցաւ մեծ պատասխանատուութիւն. Պապին կամքով Անոր իսկ լրագրողները քարոզէն ամէն անգամ կ’ընտրէին երեք տեսահոլովակ, որոնք՝ պետքարտուղարութեան նախնական համաձայնութեամբ, կը սփռուէին համաշխարհային լրատուամիջոցներուն։ Եւ այսպէս, լիովին համահունչ Պապի հետ, որ կը սիրէր նախաձեռնել, Սանթա Մարթայի մատուռը դարձաւ Անոր Քահանայապետութիւնը հասկնալու կարեւոր յենակէտ եւ օգնեց կամուրջ ստեղծել Պապի եւ աշխարհի բոլոր մարդկանց միջեւ, յատկապէս Covid-19 համավարակի ժամանակ, երբ պատարագները դարձան հաւաքական աղօթքի պահեր, որոնք ուղիղ կը հեռարձակուէին՝ մխիթարութիւն եւ մօտիկութիւն առաջարկելով ամբողջ աշխարհի միլիոնաւոր հաւատացեալներուն:

Ամփոփելով նշենք, որ Սանթա Մարթայի քարոզները էական ժառանգութիւն են «Աւետարանը ըստ Ֆրանչիսկոսի» հասկանալու համար. յոյսի, ողորմութեան եւ մարդասիրութեան պատգամ՝ արմատաւորուած առօրեայ կեանքի մանրուքներուն վրայ, ինչը խորապէս ազդած է Ֆրանչիսկոսի հովուապետական ուսմունքի վրայ՝ մնայուն ժառանգութիւն թողելով Եկեղեցւոյ ճանապարհին եւ շատ հաւատացեալներու սրտերուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2025, 10:00