«Հռոմի Քահանայապետի ընտրութեան համար» պատարագը 7 մայիսի առաւօտեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Հռոմի Քահանայապետի ընտրութեան համար - Pro Eligendo Romano Pontifice» պատարագը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի 7 Մայիս 2025-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ նախագահութեամբ կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէի» լուրը հաղորդուեցաւ այսօր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ, հիմնուելով Կարդինալական Միաբանական դասի որոշումներուն վրայ։
Նոյն կարդինալական դասը ապա որոշում կայացուց որ այդ օր այսինքն 7 Մայիս 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 4,30ին սկիզբ տալ Քոնքլավին, Կարդինալներու սիքստինեան մատուռ մուտքով, ու անոնց երդման արարողութեամբ։
Ընտրող Կարդինալները պէտք է ժամը 4,15-ին գտնուին Պօղոսեան Մատրան մօտ, իւրաքանչիւրը իր ծիսական աւանդական զգեստով, լատինական կամ արեւելեան, ապա այնտեղէն սկիզբ պիտ առնէ թափօրը, որ Լիթանիայի երգեցողութեամբ պիտի ուղղուի դէպի Սիքստինեան մատուռ ուր «Veni Creator» երգէն ետքը անոնք պիտի կատարեն նախատեսուած երդումը։
Բացի ընտրող կարդինալներէն թափօրին մաս պիտի կազմեն նաեւ կարդինալական Միաբանական ժողովուրդներուն նախատեսուած Խորհրդածութիւնը ներկայացնող կարդինալը, Քոնքլաւի քարտուղարը ու Փոխ Քամերլենկոն, Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետը, Քոնքլաւը նախագահող կարդինալին քարտուղարը, Քահանայապետական մատրան երգչախումբը, Առաքելական Նոտարներէն երկու անդամ, եւ Հռոմի առաքելական ատեանի երկու անդամ։
Իսկ ժամը չորսին Սիքստինեան մատուռ կարող են մտնել Պետական Քարտուղարութեան Ընդհանուր Գործերու տեղակալը եւ Պետութիւններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը, Քահանայապետական Տան խնամակալը, Քահանայապետական աւանդատան պատասխանատու կրօնաւորները, խոստովանահայրերը եւ Զուիցերական պահակագունդի Գնդապետը։
Ապա յատուկ տոմսով մը կարելիութիւն պիտի տրուի որ Քահանայապետական Ծիսակատարութեան արարողութիւններու գրասենեակի, Զուիցերական Պահակագունդի, Առողջապահութեան Տնօրէնութեան ու Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան անձնակազմի անդամներ մուտք գործեն Մատուռ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի նաեւ որ երկուշաբթի օր հինգ մայիսին երեկոյեան ժամը 5.30, Պօղոսեան մատրան մէջ երդում պիտի կատարեն բոլոր անոնք որոնք Քոնքլաւի ընթացքին իրենց ծառայութիւնը պիտի մատուցեն Քոնքլաւի ընթացքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ