Որոնել

2025.04.23 Sede Vacante

Ի՞նչ կը պատահի Վատիկանի վերին իշխանութեան Քահանայապետի մահով

Քահանայապետի մը մահէն ետք կը դադրին Հռոմի Քուրիայի վերատեսչութիւններուն բոլոր վերատեսուչներուն պաշտօնները բացի Քամերլենկոյէն որուն կ՛իյնայ պարտականութիւնը կառավարելու մատակարարելու ինչքերը ու Առաքելական Աթոռ ժամանակաւոր իրաւունքները, Թափուր Աթոռի ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ըստ Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութեան որ կը կարգաւորէ «թափուր աթոռի» ժամանակը, այսինքն Քահանայապետի մը մահէն ետք Սուրբ Աթոռի ու Վատիկանի մէջ անցուդարձը եւ կառավարման ընթացքը, Քահանայապետի մը մահէն ետք կը դադրին Հռոմի Քուրիայի վերատեսչութիւններուն բոլոր վերատեսուչներուն պաշտօնները բացի Քամերլենկոյէն որուն կ՛իյնայ պարտականութիւնը կառավարելու եւ մատակարարելու ինչքերը ու Առաքելական Աթոռի ժամանակաւոր իրաւունքները, Թափուր Աթոռի ընթացքին։

Իրենց պաշտօններուն վրայ կը մնան նաեւ Աւագ Վերապահեալը, Հռոմի Թեմի տեղակալ Կարդինալը եւ Սուրբ Յովհաննէս տաճարի աւագերէց, Վատիկան Քաղաքի տեղակալ եւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագերէց կարդինալը, Սանթա Մարիա Մաճճորէ եւ Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոս պազիլիքաներու աւագերէցները, Պետական Քարտուղարութեան ընդհանուր գործերու փոխանորդը, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը, Քահանայապետական ներկայացուցիչները, առաքելական նուիրակներն ու պատուիրակները, ու Քահանայապետի ողորմաբաշխը։

Իր պաշտօնի վրայ կը մնայ նաեւ Կարդինալական դասի աւագերէցը որուն կ՛իյնայ գլխաւորել կարդինալական ժողովները ու Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու արարողապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2025, 08:03