Արք Քաչչա. Պատուենք Ֆրանչիսկոս Պապը յոյս տալով աշխարհին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Այսօր Ֆրանչիսկոս Պապը յիշատակելու լաւագոյն միջոցը յոյսի ջահը բարձրացնելն է ու վերականգնել այն ոգին, որ ութսուն տարի առաջ յանգեցուց այս կազմակերպութեան՝ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան ստեղծումին, որպէսզի մենք բոլորս կարողանանք աշխատիլ մեզմէ յետոյ եկող սերունդներու համար, աւելի լաւ աշխարհի համար»։ Այս խօսքերով եզրափակեց, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ, արք Կապրիէլէ Քաչչա, Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ գումարուած ընդհանուր նիստին ընթացքին արտասանած խօսքը, յիշելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ հոգին աւանդեց անցեալ երկուշաբթի օր, Սուրբ Զատիկի տօնէն մէկ օր ետք։
Արքեպիսկոպոս Քաչչա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին 2015 թուականին, ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ կատարած ելոյթը, ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստին ընթացքին, որ կը պատրաստուէր ընդունիլ իր ծրագիրին 15 ամեակը։ Ծրագիր, որ յիշեց Արք Կապրիէլ Քաչչա, Ֆրանչիսկոս Պապ սահմանեց, որպէս յոյսի կարեւոր նշան, հրաւիրելով աշխարհի ղեկավարները հոգ տանելու «մարդկային համապարփակ զարգացման, որ է կեանքի իրաւունքը»։
Արք Քաչչա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Անթոնիօ Կութիերեսի կողմէ հրապարակուած համատեղ հռչակագիրը՝, որուն մէջ կոչ կ՝ընեն աշխարհին չնայելու անարդարութիւններուն, անհաւասարութիւններուն, աշխարհի մէջ աղքատութեան, գայթակղութեան, ջուրի պակասէն մեռնող մանուկներուն միւս կողմը։
Արք Կապրիելէ Քաչչա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին, 27 մարտ 2020ին, Քովիտի համաճարակի օրերուն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարած Statio Orbis, ողջ աշխարհի համար կատարած աղօթը։ «Այդ պահուն» ըսաւ Արք Քաչչա համայն աշխարհը հասկցաւ, որ մենք բոլորս անբաժանելիօրէն կապուած ենք։
Քորոնա համաճարակը հարուածեց հարուստ կամ աղքատ, զարգացած եւ զարգացող երկիները, «սակայն Ֆրանչիսկոս Պապը իր քահանայապետութեան սկիզբը» ըսաւ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ «զգուշացուց որ իրականին մէջ ամենավատ համաճարակը բարոյականն է, որ ինք սահմանեց որպէս «անտարբերութեան համաշխարհայնացումը»։ Սա մեզ կը թուլացնէ այն ժամանակ երբ մէկ մը մեզմէ օգնութիւն կը խնդրէ ու մենք կը հեռանանք»։
Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի տուաւ այդ բոլորին հակաթոյնը, 2020 Թուականին իր «Fratelli tutti» շրջաբերական նամակով։ Աւետարանի բարի Սամարացիին դէմքն է որ իր գլուխը չդարձներ ուրիշ տեղ, այլ կը հոգ կը տանի լքուած վիրաւորուած անձին։ Որովհետեւ Եզրափակեց Արք Քաչչա՝ մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապը «մարդկային հոգիին լաւագոյն մասին վստահելու այլընտրանք չկայ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ